Ուրբաթ, 24 Յունուար 2020-ին ՀՅԴ Արամ Մանուկեան Երիտասարդական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի կազմակերպած հերթական հանդիպումը: Կրթական, դրամատնային, մաքսային եւ առողջապահական ոլորտի մասնագէտներ եկած էին ներկայացնելու հայրենադարձներու իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները համապատասխան մարզերէն ներս: Իւրաքանչիւրը ամփոփ կերպով ներկայացուց իր նիւթը ապա հայրենակիցները առիթը ունեցան զիրենք յուզող հարցերու մասին հարցումներ ուղղելու մասնագէտներուն եւ ստանալու լրացուցիչ պատասխաններ:
Հանդիպման պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք, մասնակիցները առիթ ունեցան հիւրասիրութեան ընթացքին մտերմիկ կերպով զրուցելու հրաւիրեալ մասնագէտներուն հետ, որոնք բոլորն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին իւրաքանչիւր հայրենադարձի որեւէ մէկ հարցումմին պատասխան տալու եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու անոնց դիմագրաւած խնդիրներուն առնչուած:
Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Repat Armenia կառոյցի ներկայացուցիները, որոնք մասնակիցներուն ներկայացուցին իրենց ծրագիրներէն երկուքը: Repat Armenia-ն ու Հայրենադաձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը յարատեւ գործակցութեան մէջ են:
Նշենք, որ Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակին շուրջ համախմբուած են մեծ թիւով մասնագէտներ, որոնք ի վիճակի են եւ պատրաստակամ հայրենադարձները յուզող որեւէ խնդիրի պարագային անվճառ խորհրդատուութիւն տրամադրելու:
Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հայրենադարձ թէ արտերկիր գտնուող հայրենակիցներ եթէ հարցեր ունին, որոնք զիրենք կը յուզեն, ապա կրնան զանոնք ուղղել գրասենեակի դիմատետրի էջին, ու այդ հարցերը կ’արծարծուին տեղի ունենալիք յաջորդ մասնագիտական հանդիպումի ընթացքին: