Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ՝ յայտնելով որ. «Նախորդ օրերուն, սուրիական բանակը ազատագրեց Իտլիպ նահանգի հարաւը գտնուող Մաարէթ Նոհման քաղաքն ու անոր յարակից 29 գիւղերը, որոնց կարգին Համիտիէն եւ Ճարապլուսը»:
Հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական բանակը իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացուց Իտլիպի հարաւային արուարձանին մէջ՝ քաղաքացիներուն եւ ապահով շրջաններուն վրայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն իրարայաջորդ յարձակումները դադրեցնելու:
Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ սուրիական բանակը պիտի շարունակէ իր սահմանադրական եւ ազգային առաքելութիւնը ի գործ դնել, մինչեւ սուրիական հողերուն ամբողջական ազատագրումը: