«Էրմէնիհապեր».-Դոկտոր Խաչիկ Մուրատեան դիմատետրի իր էջին կատարած գրառումով տեղեկացուցած է, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ Էլազըղ (Խարբերդ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժին հետեւանքով քանդուած է Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Սարգիս կիսաւեր եկեղեցւոյ կամարներուն մէկ մասը:
Գրառումին կից Մուրատեան ներկայացուցած է լուսանկար մը, որ իր հաղորդումով ստացած է տեղացի բարեկամի մը կողմէն, որ չի փափաքիր իր անունը յայտնել:
Մասնակի փլուզումը տեղի ունեցած է հակառակ, որ եկեղեցին երկրաշարժի վայրէն մօտաւորապէս 75 մղոն հեռու կը գտնուի:
«Ասպարէզի» հաղորդումով Մուրատեան յիշեցուցած է, որ եկեղեցին արդէն տասնամեակներէ ի վեր քիչ-քիչ քանդուած է գանձագողերու գործողութիւններուն հետեւանքով: