«Երկիր».-Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 5 Փետրուարին երեկոյեան հանդիպած է Հայաստանի ԵԱՀԿ եւ Եւրովորհուրդի անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին քննարկուած է Սահմանադրական դատարանի շուրջ առկայ իրավիճակը:
Նշենք, որ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստի օրակարգին «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ», «Հանրաքուէի Մասին» եւ «Սահմանադրական Դատարանի Մասին» սահմանադրական օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծն է:
ԱԺ 37 պատգամաւորներ ներկայացուցած են նախագիծ, ուր առաջարկուած է Սահմանադրութեան 6 Դեկտեմբերի 2015-ի փոփոխութիւններուն 213-րդ յօդուածը շարադրել նոր խմբագրութեամբ. «յօդուած 213. Սահմանադրական դատարանի անդամների եւ նախագահի պաշտօնավարումը. մինչեւ Սահմանադրութեան 7-րդ գլխի ուժի մէջ մտնելը նշանակուած Սահմանադրական դատարանի նախագահի եւ անդամների պաշտօնավարումը դադարում է»: