Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը բուռն մարտեր մղեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, ազատագրելով Իտլիպի արուարձանէն Իսլամին եւ Ռայյան գիւղերը:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւարեւելեան եւ Սարաքէպի արուարձաններուն մէջ աւելի քան 20 գիւղ ազատագրեց: