Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Ճոպաս եւ Սան գիւղերը ազատագրելէ ետք, իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացուց Իտլիպի հարաւարեւելեան Սարաքէպ աւանին շուրջ գտնուող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ՝ ազատագրելով Լաթաքիա-Հալէպ միջազգային ճամբուն հիւսիսային բաժինը գտնուող Նէրապ գիւղը: Բանակը ահաբեկիչներուն թաքստոցները քանդեց եւ անոնց միաւորները ոչնչացուց հոն:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Սարաքէպի հարաւարեւմտեան Քատուր եւ Ռուէհա գիւղերուն մէջ սուրիական բանակը բուռն մարտեր մղեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, քանդելով անոնց թաքստոցները: