Մեր աշակերտները աշակերտական այս սիւնակին մէջ հանդէս գալուն կողքին, փափաք յայտնեցին այցելել «Գանձասար»ի խմբագրատուն եւ ծանօթանալ թերթի խմբագրութեան եւ հրատարակութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Արդարեւ, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 11-րդ եւ 12-րդ կարգի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան բարձրագոյն գնահատանիշի արժանացած աշակերտ-աշակերտուհիները, դաստիարակ Ներսէս Պարսումեանի եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Գաբրիէլեանի ընկերակցութեամբ Շաբաթ, 1 Փետրուարի յետմիջօրէին այցելեցին «Գանձասար»ի խմբագրատուն:
Աշակերտները նախ ծանօթացան «Գանձասար»ի համառօտ պատմութեան, ապա նաեւ թերթի տպագիր տարբերակին, կայքին եւ դիմատետրի էջին: Անոնցմէ ոմանք յօդուածներ ստորագրած էին արդէն աշակերտական սիւնակին ներքեւ: Անցնելով խմբագրակազմի աշխատասենեակ, անոնք ծանօթացան թերթի բովանդակութեան պատրաստութեան իւրաքանչիւր փուլին՝ գրաշարութիւն, ձեւաւորում, սրբագրութիւն, հրատարակման նախապատրաստութիւն եւ այլն: Ճեմարանականները հետաքրքրութեամբ իմացան աշխատանքի տարբեր փուլերուն մասին, հարցումներ ուղղեցին սրբագրիչին եւ ձեւաւորողին, այնուհետեւ զիրենք հետաքրքրող բաժիններուն մասին խօսեցան:
Խմբագիրը ծանօթացուց աշակերտները թերթի բոլոր բաժիններուն, ապա մտերմիկ զրոյց մը ընթացք առաւ աշակերտներուն եւ խմբագրակազմի անդամներուն միջեւ: Աշակերտները առաջարկեցին զիրենք հետաքրքրող նիւթեր աւելցնել թերթի խճանկար բաժինին մէջ:
Խմբագիրն ու հայերէնաւանդ ուսուցչուհին առաջարկեցին հերթաբար այցելել խմբագրատուն եւ անձամբ, խմբագրակազմին օժանդակութեամբ պատրաստել որոշ նիւթեր, այսպիսով անոնք գործնական մասնակցութիւն բերած պիտի ըլլան թերթի բովանդակութեան պատրաստութեան աշխատանքին:
Ճեմարանականները խանդավառութեամբ ընդառաջեցին առաջարկին, խոստացան պարբերական այցելութիւններով մաս կազմել «Գանձասար»ի ընտանիքին եւ աստիճանաբար վարժութիւն ձեռք բերել սրբագրութեան, գրաշարութեան, բառարաններու օգտագործման եւ յօդուածագրութեան ոլորտներուն մէջ: