2020 թուականի Արցախի համապետական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրի երիտասարդութեան բաժինը ամբողջացնելու համար ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱՀ նախագահի ՀՅԴ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան 6 Փետրուարին հանդիպում-զրոյց ունեցած է Արցախի մօտաւոր 100 երիտասարդներու հետ:
Ստեփանակերտի «Եւրոպա» հիւրանոցէն ներս երկու ժամէն աւելի տեւած հանդիպում-զրոյցի ընթացքին Արցախի մէջ գործող տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ աշխոյժ երիտասարդները ծանօթացած են երիտասարդութեան բնագաւառէն ներս Դաշնակցութեան սկզբունքային մօտեցումներուն եւ ներկայացուցած են իրենց յուզող հարցերն ու մտահոգութիւնները:
«Ապառաժ»-ը գրի առած է հանդիպումի ընթացքին արծարծուած կարեւոր միտքերն ու տեսակէտները:
Երիտասարդներուն դերը
Դաւիթ Իշխանեան. «Երբ կը խօսինք երիտասարդութեան մասին, պէտք է հասկնալ, որ ապագան երիտասարդութեան է: 1980-90-ական թուականներուն, երբ Արցախը գոյութեան պայքար կը մղէր, այդ պայքարին ծանրակշիռ բաժինը այդ ժամանակաշրջանի երիտասարդութեան վրայ դրուած էր, եւ այդ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն մեր սերունդը կրցած է իրականօրէն դիմակայել, կողմնորոշուիլ, նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերել ` դառնալով ազգային ազատագրական պայքարի հիմնական մասնակիցը եւ յաջողութիւններ արձանագրողը:
Այսօր տեղերը եւ դերերը փոխուած են: Նոր սերունդ, նոր մարտահրաւէրներ եւ նոր մարտահրաւէրներուն նոր մօտեցումներ: Այսօր փոխուած են մեր դէմ ծառացած հարցերը` ոլորտային, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ընկերային, կրթական ոլորտներուն առնչուող հարցեր, բարեկեցիկ կեանքի համար անհրաժեշտ պայմաններ: Եւ ապագայ այս մարտահրաւէրները դիմակայելու համար երիտասարդութիւնը իր մէջ պէտք է ամբողջացնէ ապագայի տեսլականը: Երիտասարդութիւնը այսօր պէտք է գործէ որպէս մէկ բանակ` ոչ պաշտպանական առումով: Այսօր կը գործեն Երիտասարդական խորհրդարանը, երիտասարդական կազմակերպութիւնները, երիտասարդական հարցերու նախարարութիւնը, բայց ամբողջական երիտասարդական դաշտը պէտք է ունենայ այդ գիտակցումը` մէկ միասնական բանակ ըլլալու:
Երիտասարդական դաշտը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ քաղաքական գործընթացներուն, քաղաքական ինքնագիտակցութիւն եւ քաղաքական կողմնորոշում ունենայ` բանակ հասկացութեան դերակատարը ըլլալու համար:
Երիտասարդութիւնը պէտք է գիտակցի նաեւ, որ լաւ ուսումը լաւ ապագան է` ոչ միայն անձնական, այլեւ համընդհանուր հարցերու բարելաւման առումով: Եթէ մենք չկարենանք ստանալ բաւարար պատկերացումներ եւ պայմաններ` համաշխարհային համապատասխան զարգացումներու համար, ապա մենք չենք կրնար մեզի համար բարեկեցիկ կեանք ապահովել:
Իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է պատկերացում ունենայ, թէ ինչպէս ինք դերակատարութիւն պիտի ունենայ ապագային: Երիտասարդներու աշխուժութենէն ու նախաձեռնողականութենէն կախեալ է մեր յառաջիկայ զարգացման գործընթացը: Գործուն երիտասարդութիւնը բարեկեցիկ ապագայի երաշխիք է: Որքանով գործուն է մեր երիտասարդութիւնը, նոյնքան կրնանք ակնկալել մեր ապագան»: