«Երկիր».-Սիւնիքի մարզին մէջ ձիւնհալի հետեւանքով ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի պայմանագրային երեք զինուորական ծառայողներու մահուան առնչութեամբ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին ցաւակցական հեռագիր յղած է Պելառուսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-մայոր Վիքթոր Խրենին:
«Մեծ ցաւով տեղեկացայ ՀՀ զինեալ ուժերու զինծառայողներու ողբերգական մահը: Պելառուսի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու անձնակազմին եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Ձեզ, զոհուածներու հարազատներուն եւ մերձաւորներուն», յիշուած է ցաւակցական հեռագիրին մէջ:
8 Փետրուարին Սիւնիքի մէջ ձիւնհալի հետեւանքով 3 զինծառայող մահացած է, որոնցմէ մէկը ստացած է մարմնական վնասուածքներ: