Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով 10 Փետրուար 2020-ին առաջին անգամ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան թագաւոր, Նորին Մեծութիւն Ապտալլահ Երկրորդ ըպն ալ Հուսէյն ալ Հաշիմին:

Թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին անոր եղբայրը, Նորին Արքայական Մեծութիւն արքայազն Ալի պին ալ Հուսէյնը, թագաւորի կրօնական ու մշակութային հարցերու խորհրդական եւ անձնական պատուիրակ Նորին Արքայական Մեծութիւն արքայազն Ղազի պին Մուհամէտ, Յորդանանի արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու հարցերու նախարար Այման Սաֆատին, թագաւորի հաղորդակցութեան եւ համակարգման հարցերու խորհրդական Պըշեր ալ Խասաւնեհը, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարումներու նախարար Թարեք Համուրին:

Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդանաւակայանէն բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Յորդանանի թագաւորը հանդիպած էին Ապրիլ 2019-ին Հայաստանի նախագահին՝ Յորդանան աշխատանքային այցելութեան, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը հրաւիրած էր Յորդանանի թագաւորը Հայաստան։