Խենթութիւնը օր մը բարեկամները սուրճ խմելու կը հրաւիրէ իր տունը։ Բոլորը կու գան, հիւրասիրութենէն ետք խենթութիւնը կ’ըսէ. -Պահուըտուք խաղա՞ք։
-Այդ ի՞նչ է,- կը հարցնէ հետաքրքրութիւնը։
-Պահուըտուքը խաղ մըն է, դուք կը պահուըտիք, իսկ ես մինչեւ 100 կը համրեմ։ Համրելը աւարտելէս ետք, գտած առաջին անձս ինձմէ վերջ ձեզ փնտռողը կ’ըլլայ։
Բոլորը, բացի վախէն եւ ծուլութենէն, անմիջապէս կ’ընդունին խենդութեան առաջարկած այս խաղը խաղալ։
Խենդութիւնը «1…2…3…» բարձրաձայն համրել կը սկսի։ Աճապարանքը առաջին գտած տեղը ինքզինք կը նետէ։ Ամչկոտութիւնը իր մշտական այցելած ծառին շուքին տակ կը չոքի։ Հաճոյքը պարտէզին մէջտեղը կ’ուղղուի։ Տխրութիւնը պահուըտելիք տեղ չգտնելուն համար կը սկսի լալ։ Նախանձը յաջողութեան հետեւելով անոր պահուըտած վայրին մօտ, քարի մը ետեւ կը տեղաւորուի։
Խենթութիւնը կը շարունակէ համրել…
Յուսահատութիւնը խենթութեան 99-ի հասնիլը լսելով՝ լաւ մը կ’ընկճուի։
-Հարիւր,- կը պոռայ խենդութիւնը եւ փնտռել կը սկսի…
Առաջին գտնուողը հետաքրքրութիւնը կ’ըլլայ։ Ան այնքան կը հետաքրքրուի առաջին զոհին ո՛վ ըլլալուն մասին, որ պահուըտած տեղէն դուրս կ’ելլէ։ Խենթութիւնը երբ պարտէզի ցանկապատին կողմը կը նայի, անորոշութիւն կը տեսնէ։ Ան իր մագլցած պատին որ կողմը պա-հուըտելու որոշումը չէր առած տակաւին. յետոյ անմիջապէս հաճոյքը, տխրութիւնը, ամչկոտութիւնը կը յայտնուին։
Երբ բոլորը քով-քովի կու գան, հետաքրքրութիւնը կը հարցնէ.
-Սէրը ո՞ւր է, որեւէ մէկը տեսա՞ւ զինք…
Խենթութիւնը կը սկսի սէրը փնտռել…։
Լեռ ու ձոր կ’ելլէ-կ’իջնէ, գետերուն ծայրերը կը նայի, բայց սէրը չի գտներ որեւէ մէկ տեղ։
Յուսահատութեամբ կը շարունակէ փնտռտուքը։ Դիմացը վարդի թուփ մը կ’ելլէ, ձեռքի չոր ճիւղին օգնութեամբ թուփին աջ-ձախ կողմերը կը նայի, տերեւները կը շարժէ, յանկարծ բարձր ճիչ մը կը լսէ։ Ցաւէն ճչացողը սէրն էր, աչքը կը շփէր՝ փուշը խրուած էր աչքին։
Խենթութիւնը կը շուարի, կ’աղաչէ, կը պաղատի, որ սէրը իրեն ներէ։ Այնքան կը խնդրէ, որ անգամ մըն ալ իր քովէն չհեռանալ կը խոստանայ։
Սէրը, որուն ցաւը քիչ մը մեղմացած էր, վերջապէս կը ներէ իրեն։
Այն օրուընէ ի վեր սէրը կը կուրնայ, իսկ խենթութիւնը ընդմիշտ անոր ընկերակիցը կը դառնայ…։
Anonymous 1
Անգլերէնէ թարգմանեց
Սալբի Քիլէճեան-Եթերեան