Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ երախտիքի երթ, Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման առիթով։ Երթը իրականացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ մասնակուցթեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայաստան գտնուող սուրիահայերու ու սուրիացի քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երախտապարտ քաղաքացիներու։
Երթին մասնակիցները, բարձրացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած երկիրներու, ի թիւս անոնց՝ Սուրիոյ դրօշակը եւ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի փողերախումբերու նուագակցութեամբ,մուտք գործեցին դեսպանատուն, ուր զիրենք դիմաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Ահմատ Հաճ Իպրահիմ։
Դեսպանատունէն ներս, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինին կողմէ խօսք արտասանեց Արծուիկ Մինասեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին ու նախագահ Պաշշար ալ Ասատին, բարձրօրէն գնահատելով ոչ միայն երկրէն ներս փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանելը այս դժուար պայմաններուն մէջ, այլ նաեւ այսպիսի յանդուգն քայլով արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու հետամուտ ըլլալը։ «Այս քայլը հնարաւորութիւն է մեզ բոլորիս, ուղղելու մեր խօսքը այն երկիրներուն, որոնք չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ճանաչումը կանխում է աշխարհում հնարաւոր ցեղասպանութիւնները», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան։ Երախտագիտութեան խօսքեր արտասանեցին նաեւ Սուրիոյ Ուսանողական Միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ատենապետ բժ. Շուշան Հալլաճեան եւ Հայաստանի մէջ սուրիական համայնքի պատասխանատու բժ. Ճորճ Բարսեղեան։
Աւարտին դեսպան Հաճ Իպրահիմ ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով ըսաւ. «Սուրիան իր թեւերը բաց ընդունեց բոլորը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածները, սակայն այսօր՝ Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդները կը շարունակեն նոյն ցեղասպանական ընթացքը, այս անգամ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին դէմ։ Հպարտ եմ, որ երկրիս խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց գլխաւորաբար հայերուն եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող այլ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուած անմարդկային այդ ոճիրը»։
Այս առիթով «Գանձասար» կապ հաստատեց «Երկիր Մետիա» պատկեռասփիւռի կայանի քաղաքական հաղորդումներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեանի հետ, որ յայտնեց. «Սուրւոյ խորհրդարանի որոշումը կայծակնային արագութեամբ ընդունուեցաւ այս եւ շատ կարեւոր համարուեցաւ, յատկապէս նկատի առնելով Սուրիոյ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ։ Նաեւ շատ կարեւոր էր Սուրիոյ ժողովուրդին պատերազմի տարիներու տառապանքին մէջէն անցնելէն ետք, նման մարդասիրական որոշումի մը գոյացնելը»։ Անդրադառնալով երախտիքի այս երթին, Մանուկեան ըսաւ. «Պարբերաբար տարբեր երկիրներու մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումէն յետոյ, միշտ ալ եղած են նման ձեռնարկներ, բայց սա առանձնայատուկ էր, որովհետեւ երթին կը մասնակցէին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, այլ նաեւ մեծ թիւով սուրիահայեր ու սփիւռքահայեր, որոնք իրենց նախնիներուն փորձառութեամբ տեսած են արաբ ու յատկապէս սուրիացի ժողովուրդին դրական վերաբերմունքը ցեղասպանութենէն փրկուածներուն նկատմամբ»։