«Եւրատեսիլ 2020»ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Աթենա Մանուկեանը: Ան կը ներկայանայ Chains On You երգով:
Ան ընտրուեցաւ «Դէպի Եւրոտեսիլ» նախագիծին միջոցով, որ այս տարի տեղի ունեցաւ մէկ փուլով, քուէարկութիւնը եղաւ 3 կողմով` յաղթողը ընտրուեցաւ միջազգային ու հայաստանեան ժիւրիի եւ պատկերասփիւռի հետեւողներուն քուէարկութեան արդիւնքով: Աթենան հաւաքեց 168 կէտ:
«Եւրոտեսիլ 2020» մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Ռոթերտամի մէջ: Առաջին երկու աւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան 12 եւ 14 Մայիսին, իսկ եզրափակիչը` 16 Մայիսին: Հայաստանի ներկայացուցիչը հանդէս պիտի գայ երկրորդ աւարտականին: