«Ապառաժ».-16 Փետրուարին ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան պիտի դառնար 61 տարեկան: Արթուր Մկրտչեան 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ քունքին արձակուած կրակոցը վերջ տուաւ այդ կարճ, բայց պայծառ կեանքին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրը բազմաթիւ մարդիկ այցելած էին անոր գերեզման-յուշաքարը: ՀՅԴ Արցախի ԿԿ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամներ, ՀՕՄ-ի, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ եւ Արթուր Մկրտչեանի հարազատներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ա. Մկրտչեանի շիրիմին առջեւ:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, ԱՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան յայտնեց, որ պատմութեան ընթացքին ծնած են անհատներ, որոնք մեծ հետք ձգած են իրենց միջավայրին վրայ եւ մնացած են ժողովուրդին յիշողութեան մէջ: Այդպիսի գործիչներէն մէկն էր նաեւ Արթուր Մկրտչեան:
Արթուր Մկրտչեան բիւրեղեայ մաքրութեան տէր անձնաւորութիւն էր, որ կրցաւ արդարամտութեան, նուիրումի շնորհիւ իր շուրջ համախմբել շարժումին աջակիցները: