Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրապետներու եւ միաբաններու հոգիներուն համար։
Օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը, որ յընթացս պատարագին քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում կատարեց։ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր եւ պատմական Աթոռի գործունէութեան եւ կարեւորութեան, յիշելով անոր նուիրական ծառայութիւնը՝ ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ ազգի անսասանութեան։ Ապա, ազգընտիր գահակալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մաղթեց երկար եւ քաջառողջ տարիներ։
Հոգեհանգստեան պաշտօնը նախագահեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, ներկայութեամբ՝ Թեմի Ազգային Վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօնը կատարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։