Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Հալէպի միջազգային օդակայանը, պատերազնական գործողութիւններու եւ ահաբեկչական հրթիռակոծումներու բերումով աւելի քան ութը տարի փակ մնալէ ետք, ընդունեց Դամասկոսէն ժամանած առաջին ճամբորդատար օդանաւը։

Օդակայանը պատրաստ է արդէն կանոնաւոր ձեւով բանելու, սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներուն եւ Հալէպ նահանգի ազատագրման ու ապահով տարածք
յայտարարման լոյսին տակ։