ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 18 Փետրուարին հանդիպած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Տոյուօ Քըլաարի հետ:
«Զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումներուն: Երկուստէք կարեւոր համարած են ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրական բովանդակութիւն հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը: ՀՀ ԱԳ նախարարը առանձնապէս կարեւոր համարած է ղեկավարներու մակարդակով իրենց հասարակութիւններուն խաղաղութեան հրապարակային ազդակներու եւ ուղերձներու յղումը եւ յայտնած, որ ատրպէյճանական կողմը հրապարակային դաշտին մէջ կը շարունակէ հանդէս գալ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները մերժող առաւելապաշտական դիրքորոշումներով, որոնք կարելիութիւն չեն ընծայէր յառաջընթաց արձանագրելու խաղաղ գործընթացին:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան բազմաշերտ օրակարգի շուրջ, անդրադարձ կատարուած է միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ հարցերու», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: