ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան Գառնի գիւղին մէջ Փետրուարեան ապստամբութեան հայ խմբապետներու եւ մարտիկներու շիրիմներուն առջեւ յայտարարեց.«Այսօր այն օրն է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատագրութեան մասնակցած եւ Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած անձինք ապստամբեցան եւ կրցան վերահաստատել հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքը. 99 տարի առաջ այս օրը պոլշեւիկեան լուծին տակ կազմակերպուեցաւ ապստամբութիւն, որ պոլշեւիկները կը բնութագրէին որպէս «աւանթիւրա», իսկ իրականութեան մէջ ան ազատագրական ապստամբութիւն էր, որովհետեւ խորհրդային կարգերու հաստատման պահէն, ամբողջ Հայաստանի մէջ տիրած էին բռնութիւնն ու դաժան վերաբերմունքը, որոնց զոհ գացին բազմաթիւ հայորդիներ»:
Նախաձեռնութեան մասնակիցները՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան, ՀՅԴ Գառնիի Կոմիտէութեան անդամները եւ շարք մը այլ հասարակական-քաղաքական եւ կուսակցական գործիչներ, այցելեցին Գառնիի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած խմբապետներ Խնկոյի եւ Մակեդոնի, այնուհետեւ` գիւղական գերեզմանոցին մէջ թաղուած խմբապետներ Վարդանի եւ Արտիւշի գերեզմանները, որմէ ետք ուղեւորուեցան Գառնի տանող ճանապարհի վրայ գտնուող պանթէոն: Հոն Մարտիրոսին եւ Ղազար Քոչարեանին կողքին, հանգչած են նաեւ Արցախեան հերոսամարտի եւ զինադադարի շրջանին զոհուած մարտիկները:
Ապստամբութեան ընթացքին Գառնիի ուղղութեան գլխաւոր գործող անձերէն` խմբապետ Արտիւշի թոռ Արտիւշ Հայրապետեան յուզմունքով եւ հպարտութեամբ յիշեց մեծ հօրը անցած փառաւոր ուղին: Խմբապետ Արտիւշ ապստամբութեան ճնշումէն ետք չէր լքած երկիրը, այլ հեռացած էր դէպի լեռներ: 1924-ին պոլշեւիկեան զօրքերը կը բացայայտեն խմբապետի թաքնուած վայրը եւ մեծաքանակ զօրքով կը փորձեն բռնել զինք, սակայն Արտիւշ չի յանձնուիր եւ մարտի կը բռնուի պոլշեւիկներուն հետ, որուն ընթացքը կը զոհուի հերոսական մահով:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, 18 Փետրուարը շատ կարեւոր խորհուրդ մը ունի` երբեք չդադրիլ մաս կազմել ազգային արժեհամակարգին, երբեք չդադրիլ մտածել, որ դուն հայ ես: