«Երկիր».- 22 Փետրուարին սկիզբ առած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովը: Ժողովին պաշտօնապէս մասնակցած են ոչ միայն դաշնակցականներ, այլեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու երիտասարդ ներկայացուցիչներ: ՀՅԴ ՀԵՄ 7-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցած էր Երեւան, 22-23 Փետրուարին:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 7-րդ պատգամաւորական ժողովի բացման ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ ՏէրԳէորգեան ըսաւ. «ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները, յատկապէս ՀԵՄ-ը` մերժելով եւ պայքարելով հանդերձ այսօրուան ներքաղաքական իրավիճակը յատկանշող անընդունելի երեւոյթներուն դէմ, ազգային գործունէութեան հետ միատեղ կը շեշտադրեն եւ պիտի շարունակեն առաւել թափով իրականացնել ընկերվարական բնոյթի ծրագիրներ, ընկերային արդարութեան, բնապահպանութեան եւ այլ ընկերային-տնտեսական բնոյթի կառուցողական նախաձեռնութիւններ»:
ՏէրԳէորգեան անդրադառնալով արցախեան հիմնահարցի լուծման` ըսաւ. «Այժմ մտահոգութիւններ կան արցախեան հիմնահարցի զարգացումներու առնչութեամբ: ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մերժէ տարածքային որեւէ զիջում` ենթադրեալ անվտանգութեան դիմաց եւ իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ արցախեան պայքարի բոլոր ոլորտներուն»:
ՀՅԴ-ի համար պիտի շարունակուին առանցքային մնալ ՀՀ-ի ու Արցախի անվտանգութեան առնչուող հիմնահարցերը։
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ժողովին երիտասարդները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը` համահարթ եկամտահարկի եւ «բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրէնքի նախագիծի դէմ պայքարը եւ այլ գործունէութիւններ, յիշեցնելով, որ ամէն տարի 24 Ապրիլին կը կազմակերպեն ջահերով երթ:
Այս առիթով ելոյթ ունեցան նաեւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որուն ելոյթը մանրամասնօրէն հաղորդուած է նախորդիւ, ինչպէս նաեւ ՀՀԿ Երիտասարդական Կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մամիջանեան եւ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Արգիշտի Գէորգեան։
ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մամիջանեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ որ իրեն համար քաղաքական օրինակելի գործիչ եղած է Վահան Յովհաննէսեանը, ապա դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը Հայաստանի նորսգոյն շրջանի պատմութեան մէջ օրինակելի եղած է իրեն համար:
Մամիջանեան նկատել տուաւ, որ 2018-ի իրադարձութիւններուն հրապարակ իջնելով պայքարի դիմած էին ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչները. «Մենք մեծ սիրով կը հետեւէինք, մեզմէ շատ ընկերներ կը մասնակցէին,կարգ մը պահերու միատեղ էին այդ գործողութիւնները: Կրնամ վստահաբար ըսել, որ մենք դեռ շատ ու շատ առիթներ կ’ունենանք հանդիպելու հրապարակներու վրայ, որովհետեւ անկախ գաղափարական հակասութիւններէն, մեր երկրի մէջ քաղաքական ուժերը մէկ ընդհանրութիւն ունին` ազգային դիմագիծի պահպանում, ազգային արժէքներու արժեւորում»:
Արգիշտի Գէորգեան աւելցնելով ըսաւ, որ թէեւ կուսակցութիւններն ու գաղափարախօսութիւնները տարբեր են, բայց բոլորին նպատակն է տեսնել ազատ, անկախ, յառաջադէմ, հզօր նաեւ միացեալ Հայաստան:
«Մենք բոլորս երիտասարդներ ենք, կ՛առաջնորդուինք մեր նպատակներով եւ զանոնք իրագործելու վճռականութեամբ: Ինչ-որ տեղ մեր բոլորին շահերը կը համընկնին, ունինք գործելու ընդհանուր դաշտ, որմէ պէտք է օգտուինք»,ըսաւ Արգիշտի Գէորգեան: