Հաւաքուած ենք «Քրիստափոր» գրադարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին տօնակատարութեան առիթով, խօսելու եւ մտածելու մեծածաւալ կարեւորութիւն ներկայացնող՝ լոյսի, գիտութեան եւ իմացութեան հորիզոններ բացող, մէկ խօսքով զարգացման աղբիւր հանդիսացող կեդրոնին մասին: Բայց մանաւանդ՝ կարելի եղածին չափ արդար եւ պարզ մօտեցումով անդրադառնալու սոյն հաստատութեան ծաւալած աշխատանքին առանցքը հանդիսացող մեծարժէք «Քրիստափոր» գրադարանի ներկայութեան անհրաժեշտութեան մեր առօրեայ կեանքէն ներս:
«Քրիստափոր» գրադարանի 100 տարուան բեղուն ծառայութեան մասին հանգամանօրէն խօսիլը լուրջ եւ պատասխանատու աշխատանք է. բան մը, որուն յաւակնութիւնը չունիմ երբեք, որովհետեւ որքան ներկայացնենք, վստահ որ պակաս պիտի մնայ անոր լիիրաւ արժէքին ամբողջական պատկերը:
Այսօրուան խօսքը կը վերաբերի գրադարանի ծառայողական աշխատանքի կարեւորութեան գնահատման եւ բացատրութեան՝ առաջնորդուելով մտաւորականի եւ բանասէրի տեսութիւններով: Այլ խօսքով, 100-ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ մըն է միասնաբար խորհրդածելու, թէ նման հանրային գրադարանի մը գործունէութեան ընդմէջէն մեզի ներկայացող եւ մեր առօրեայ ընկերակիցը դառնալու ձգտող «Քրիստափոր» գրադարանը ինչպիսի՛ դրական եւ բարերար ազդեցութիւն կրցած է ունենալ հայ պատանիին ու երիտասարդին, գիր-գրականութեան սիրահարուած ընթերցողին, ուսումնասիրողին, հետազօտողին ու ազգային, գրական, հոգեկան-ընկերային ու գաղափարական առողջ կազմաւորման եւ անհատական թէ հաւաքական ինքնութեան պահպանման վրայ:
Առաջին հերթին, անդրադառնանք ընդհանրապէս գիրքին ունեցած անփոխարինելի դերին՝ մարդ անհատի կազմաւորման գործընթացին մէջ, իւրաքանչիւր անհատի կեանքին տարբեր փուլերուն:
Գիրքը գրական-գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական, գիտական կամ այլ բովանդակութեամբ ստեղծագործութիւն մըն է: Գիրքը ե՛ւ դիւրակիր նիւթական առարկայ է, ե՛ւ աննիւթեղէնի կամ մտաւորի մարմնաւորումը, որու նիւթական արտայայտութիւնը գրաւոր նշաններն են, տողերը կամ ալ երկչափ զանազան միջոցներ:
Սկիզբէն իվեր գիրքը ընկալուած է, իբրեւ մտաւոր գործունէութեան արդիւնք, մեծածաւալ երկ, որուն ստեղծումը կը պահանջէ ժամանակի զգալի ներդրում եւ նոյնքան ալ (թէպէտ ոչ այնքան մեծ) ժամանակ ընթերցելու համար:
Գիրքը հիմնական տարրերէն մէկն է մարդոց կեանքին մէջ, քանի որ ան կ’օգնէ զարգացնել միտքը, հոգին եւ մշակոյթը:
Այս մեկնակէտէն ելլելով է, որ 19 Փետրուար 2009-ին՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140-ամեակին օրը, Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը, Թումանեանի տուն-թանգարանը, Հայաստանի ազգային գրադարանը, «Գիրք» հիմնադրամը, Հայաստանի մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները յայտարարած են «Գիրք Նուիրելու Օր»: Այս նախաձեռնութիւնը, բնականաբար գիրքի հանդէպ հասարակական ուշադրութիւնը սեւեռելու շարժում է: Եւ այսպիսով 2009-ը թուականէն իվեր, իւրաքանչիւր Փետրուար 19-ին, կ’իրագործուի եւ հետզհետէ կը տարածուի «Գիրք Նուիրելու Օր»ը:
Անյագ ընթերցողին կամ գիրքեր հաւաքողին կ’ըսեն գրքասէր կամ գրքամոլ: Խանութը, ուրկէ կը գնեն գիրքեր, կը կոչուի գրախանութ կամ գրատուն, թէպէտ գիքերը կը վաճառուին նաեւ զանազան այլ վայրերու մէջ: Գիրքեր կարելի է վերցնել նաեւ գրադարաններէն:
Գրադարանները՝ որպէս գրաւոր յուշարձաններու հասարակական պահոցներ, առաջացած են հին ժամանակներուն: Ք.ա. 7-րդ դարու կիսուն Նինուէյի մէջ, ասորական թագաւոր Աշուրպանիբալի պալատին կից եղած է կաւէ աղիւսներու մեծ հաւաքածոյ:
Հին Հռոմի մէջ Ք.ա. Ա. դարէն ստեղծուած են հանրային գրադարաններ՝ տաճարներուն կից:
Վերածնունդի դարաշրջանին մէջ (15-16-րդ դարեր) մշակոյթի ընդհանուր զարգացման եւ յատկապէս տպագրութեան եւ գիւտի կապակցութեամբ գրադարաններու թիւը մեծցաւ, 17-18 դարերուն բազմաթիւ երկիրներուն մէջ բացուեցան գրադարաններ, որոնք հետագային ստացան համազգային, քանի մը հատը նաեւ՝ համաշխարհային նշանակութիւն:
Հանրային գրադարաններու կազմակերպումը սկսած է 19-րդ դարու 2-րդ կէսէն:
Հայաստանի գրադարանները բազմադարեան պատմութիւն ունին: Միջնադարեան աղբիւրներուն մէջ անոնք կոչուած են գրատուն, գրանոց, արկեղք գրոց, գանձատուն, մատենադարան, դիւան, երբեմն ալ՝ նշխարանոց, նշխարախուց: Եղած են վանքերուն կից, երբեմն ալ առանձին այլ վայրերու մէջ:
Հայ գիրքի կարեւոր կեդրոններէն եղած է նաեւ Տաթեւի վանքի (9 դար), Անիի արքայական (ԺԱ դ.) գրադարանները: Յիշատակութիւններ կան Կարսի արքայական, Հոռոմոս վանքի գրադարանի մասին: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հիմքը կազմող Էջմիածնի ձեռագրատունը հիմնուած է 5-րդ դարուն մէջ: Նշանաւոր եղած են նաեւ Գետիկի վանքի, Գլաձորի, Գեղարդի, Սաղմոսաւանքի, Արցախի, Կիլիկիոյ, Երզնկայի եւ Վասպուրականի գրադարանները:
1902 թուականին Երեւանի մէջ բացուած է հասարակական գրադարան-ընթերցարան, հետագային ստեղծուած են մասնաւոր գրադարաններ: 1913 թուականին Հայաստանի մէջ կար 13 գրադարան՝ 9 հազար վերնագիր գիրքով:
1921 թուականին կազմակերպուեցաւ Երեւանի համալսարանի գրադարանը: 1925 թուականին Հայաստանի մէջ կար 500 գրադարան: 1923 թուականէն կը գործէ Խնկոյ Ապեր անուան մանկական գրադարանը: 1935 թուականին հիմնուեցաւ Երեւանի քաղաքային գրադարանը: 1946 թուականին Հայաստանի մէջ կար 1125 գրադարան: Ստեղծուեցաւ զանգուածային, հանրապետական, գիտական, մանկական, արհմիութենական, դպրոցական գրադարաններու հարուստ ցանց՝ միլիոնաւոր գիրքերու հատորներ եւ փաստաթուղթեր: 1975 թուականին Սովետական Հայաստանի (ՀԽՍՀ) մէջ կար բոլոր տեսակի մօտ 3300 գրադարան:
Սփիւռքի մէջ կը գործեն հարիւրաւոր հայկական գրադարաններ, որոնցմէ նշանաւոր են Երուսաղէմի ձեռագրատունը, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանները, Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը եւ ուրիշներ:
Գրադարանի նշանակութեան մասին, այստեղ նպատակայարմար է մէջբերել Սենեգայի իմաստուն խօսքերը, ըստ որուն. «Ամէն մէկ գրադարան կը փակէ բանտի դուռ մը», ըսել է թէ՝ հասարակութիւնը կը հարստանայ համամարդկային արժեքները կրող եւս մէկ անձով, այսինքն՝ կը բազմանան բարոյականութեան բանակի շարքերը:
Հալէպի մէջ գործող «Քրիստափոր» գրադարանի կենսագրութեան մասին խօսելով պէտք է անդրադառնալ նախ անոր անուանումին: «Քրիստափոր» անուանումը երբեք պատահական չէ եւ իր մէջ կ’ամփոփէ գաղափարական խորունկ իմաստներ: Գրադարանի անունը տրուած է ի յիշատակ հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի անունով:
Հետեւաբար, այսօր՝ 1 Մարտին, պատահական չէ նաեւ, որ կը տօնակատարենք գրադարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը, քանի որ այսօր Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան օրն է, որուն 115-ամեակն է այս տարի: Թէեւ տարբեր աղբիւրներու մէջ 1 Մարտի փոխարէն տարբեր թուականներ արձանագրուած են:
Առ այդ, գրադարանի անուանակոչումը ինքնին իր մէջ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ, սէր՝ հանդէպ ուսումին, մշակոյթին, ազգին, սէր՝ հանդէպ միտքի, գաղափարի, յեղափոխութեան, անհատականութեան, լուսաւորման, եւ վերջապէս, սէր՝ հանդէպ Հայ Դատի իրաւունքներու պաշտպանման:
Արդարեւ, «Քրիստափոր» գրադարանը հիմնուած է 1919-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան պատկան մարմինի որոշումով, գործելով Ժտէյտիէ շրջանին մէջ 17 գիրքերով:
«Քրիստափոր» գրադարանի հիմնադրութեան մասին լաւագոյն վկայութիւնը մեզի հասած է Գէորգ Պարսումեանի «Պատմութիւն Այնթապի ՀՅ Դաշնակցութեան, 1898-1922» (Հալէպ, 1957 թ.) գիրքին, էջ 333-ին մէջ, ուր Գրիգոր Էքմէքճեանի պատումէն կը տեղեկանանք, որ Այնթապի Դաշնակցական «Քրիստափոր» գրադարանը վերապրեցնելու նպատակով Հալէպի գրադարանին անունը տրուած է «Քրիստափոր»:
Էքմէքճեան, նոյն յօդուածին մէջ կը հաստատէ, որ 1927 թուականին «Քրիստափոր» գրադարանին միացուեցաւ Հալէպի «Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան» եւ «Պատանեկան Միութեան» («Միքայէլ Վարանդեան» Ա.Գ.) գրադարանները, ուր «Քրիստափոր» գրադարան ընդհանուր անուան տակ եւ շուրջ 2000 գիրքերով ծառայողական իր աշխատանքը պիտի շարունակէր:
Անոր դերը եղած է տպագիր գիրքերու հաւաքումը, պահպանումը, գիրքի քարոզչութիւնը, ընթերցողներուն գիրք սպասարկելը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններու մատենագիտական աշխատանքը:
Այս առումով «Քրիստափոր» գրադարանի դերակատարութիւնը հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, մեծ եղած է, երբ հայութեան մեծ բաժինը թրքախօս ըլլալով այբուբենն անգամ չէր գիտեր եւ այդ գրադարանին ճամբով, հեգելով ու կմկմալով սկսած է հայ գիրին ու գրականութեան հետ առնչութիւն ունենալ: Իսկ միութենական տարրի դաստիարակութեան մէջ գրադարանը մեծ ներդրում ունի:
Հետեւաբար, մեր սերունդը եւ աւելի երէցները, կը յիշեն «Քրիստափոր» գրադարանի անցեալի կեդրոնը, ուր կը գտնուէր Հայ Երիտասարդաց Միութեան կամ ՀՄԸՄ-ի Թիլէլ պողոտայի ակումբի հնամենի արաբական բակի երդիքին տակ, շքամուտքէն յետոյ՝ բակին ձախ թեւին վրայ, փոքր սենեակի մը մէջ:
Պատմական կարեւորութեան համար կը նշենք, որ 1961 թուականի աշնան բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ծայր առած ՀՅ Դաշնակցութեան անդամներուն դէմ կատարուած յայտնի իրադարձութիւնները պատճառ դարձած էին, որ համատարած սարսափն ու վախը մթագնեն ու ջլատեն կենսունակ, հայաբոյր Հալէպը: Վերոյիշեալ դէպքերուն բերումով, ամայացած էր Թիլէլ պողոտայի ակումբը եւ անոր հետ զուգահեռաբար «Քրիստափոր» գրադարանի գործունէութիւնը: Գրադարանը տարիներ փակ մնալէ յետոյ իր դռները վերակազմուած եռանդամ կազմով, կրկին կը բանայ՝ 1967 թուականին:
Այդ մէկ սենեականոց գրադարանը գիրքերու շտեմարան մըն էր, որուն չորս պատերը, գետնէն մինչեւ առաստաղ ծածկուած էին հարուստ հատորներով, փոքրածաւալ կամ հաստափոր հազարաւոր մատեաններով: Կազմուած ու թուագրուած հատորները կը յորդէին դարաններէն:
Թիլէլի գրադարանը, կիրակի օրերը խճողուած կ’ըլլար գիրք պահանջողներով, թէեւ Հինգշաբթի օրերն ալ բաց էր գրադարանը: Աննըկարագրելի աշխուժ ու խանդավառ եռուզեռ մը կը տիրէր հոն, փոխան ջնջին հատուցման, քանի մը շաբթուան համար գիրք ապահովելու:
Այստեղ, դռները բաց, ընթերցողին կը սպասէին գրադարանի ինքնանուէր աշխատողները, որոնք պատրաստ էին մշտաժպիտ ընդունելու ընթերցողներուն, զրուցելու անոնց հետ, խորհուրդներ տալու եւ լուսաւորելու անոնց ճանապարհը:
Այդ օրերու գրադարանավարները, դեղագործներու նման ուղղութիւններ կու տային ընթերցողին, յատկապէս պատանի տարիքի ընթերցասէրներուն, անոնք որոնք նոր փորձ կը կատարէին գիրք կարդալու:
Դժուարութեամբ ձեռք կը ձգէինք մեր պահանջած գիրքերը: Պահանջուած գիրքի գրաւուած ըլլալուն պատճառով քանի կիրակիներ ձեռքերնիս դատարկ գրադարանէն դուրս եկած ենք գլխակախ:
«Քրիստափոր» գրադարանի բեղուն գործունէութեան շրջածիրին մէջ տեղ գտած է գրադարանի կողմէ հրատարակուած պրակներ: Անոնցմէ կ’արժէ նշել «Շողական» խորագրով երգարանի պրակները, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով լոյս ընծայուած պրակ թիւ 3-4-ը:
(Շար 1.)