Հովանաւորութեամբ Հալէպի երեք հոգեւոր պետերուն, Հինգշաբթի, 20 Փետրուար, 2020-ին երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Նոր Գիւղի հայ կաթողիկէ Սուրբ Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս նուիրուած Ս. Վարդանանց զօրավարներուն, «Մահ ոչ իմիացեալ մահէ, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն » կարգախօսով։
Յուշահանդէսին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Առաջնորդի ներկայացուցիչ Գերպ. Հայկ. Վարդ. Մակարեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արտակի Տօնոյեան, ՀՄԸՄ-ի Կենդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Մանուկ Քէօշկէրեան, հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ հալէպահայ ազգային, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, մարզական, եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Յայտագիրը սկսաւ «Նորահրաշ» շարականով, Ալեմշահ երգչախումբին երգեցողութեամբ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզան Տատաղլեան։ Ան ըսաւ որ ժողովուրդները կ’ապրին ու կը գոյատեւեն երբ պայքարելու յանդըգնութիւն կ’ունենան։ Աւարայրի ճակատամարտը իր կրօնական նպատակներուն կողքին ունէր նաեւ ազգային նպատակ, որն էր պահպանել մեր ինքնութիւնն ու մշակութային արժէքները։
Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» քերթուածը ասմունքելով Մօրիս Թօփալաքեան վեր առաւ հայ լեզուին դերը սերունդներու հայապահպանման գործին մէջ։
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի խօսքը ընթերցեց պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան ու ըսաւ. «Պարսիկին պարտադրել ուզածը կրօնափոխութիւն էր, պարսկական թագաւորութիւն մը ստեղծելու Յազկերտին պահանջքն էր, որուն իրականացումով հայերը իրենց կրօնքը պիտի փոխէին եւ միանային այլ ազգերու՝ պարսկական կայրսրութեան ուժեղացման համար։ Այսօր Վարդանանց յիշատակին առջեւ կը խոնարհինք եւ կը շեշտենք, որ այնքան այժմէական է Աւարայրի հերոսական պատգամը՝ մէկ ճակատի վրայ պայքարելու օտար բարքերուն դէմ»։
Գեղարուեստական յայտագիրով Սէլա Զաքարեան ջութակի քաղցրահունչ նուագով հնչեցուց «Լռեց Ամպեր», «Պլպուլն Աւարայրի» ստեղծագործութիւնները։
Օրուան խորհուրդը տուաւ Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան։
«Այսօր ընդդէմ զրադաշտութեան, հաւատքի ուրացման պոռթկումի յիշատակումն է։ Այսօր հայութեան լինելութեան հերոսամարտի յիշատակին տօնն է։ Այսօր գիտակից մահուան, վասն կրօնքի եւ հայրենեաց, վասն պատուի եւ ազատութեան զոհուող մարտիկներուն յիշատակի ոգեկոչումին օրն է։ Հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ապրեցաւ Աւարայրի մշտաճաճանչ ռազմադաշտը վերածելով փարոսի, որ լուսաւորեց մեր պատմութեան ամենամութ բաւիղները, դարեր ամբողջ մեր ազգային հաւաքականութեան տալով ինքնիշխանութեան եւ ազատ ապրելու տենչը։ Այսպէս է որ ապրեցաւ հայը լեռները շարժող իր անսասան հաւատքով ու կամքով, Սարդարապատի եւ Արցախի մէջ յաղթանակը արձանագրելով»։ 
Իր խօսքին աւարտին, ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին ըսելով. «Յանուն մեր ապագային, Վարդանանց աննկուն կամքը թող համակէ մեր սրտերը, որպէսզի երբեք չշեղինք անոնց գծած ուղիէն, մեր գոյատեւման միակ գրաւականէն»։
Բանախօսութեան յաջորդեց ասմունք մը՝ ժագ Յակոբեանի «Մենք»ը, զոր տպաւորիչ առոգանութեամբ հրամցուցին Լոռի Մաթոսեան եւ Կարօ Մէյխանաճեան։
Հոգեշ. Տէր Մանուկ Աբեղ. Պարիխանեան փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ջերմ ողջոյնները ըսելով. «Վարդանանքի նահատակ զինուորները կը նմանին մոմին։ Մոմը լոյս կու տայ, սենեակին խաւարը փառատելու համար կը հալի։ Մեր զինուորներն ալ ազգին եւ կրօնքին համար իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի մենք շարունակենք մեր հաւատքին լոյսով ապրիլ։ Վարդանի ոգիով մեր զաւակները դաստիարակեցինք, որպէսզի անոնք ամրապնդեն իրենց հաւատքը եւ պահպանեն ինքնութիւնը»։
Ապա հանդէս եկաւ Ալեմշահ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մարգարիտ ԽաչատրեանՊանտակի,երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ռաֆֆի Պալեանի, յաջորդաբար ներկայացնելով « Թաղումն Քաջորդւոյն», «Ո՜վ Հայկազուն», «Թէ Հայրենեաց» եւ «Գողթնի Քնարք» երգերը։
Փակման խօսքը արտասանեց Գերպ. Հայկ. Վրդ. Մակարեան։ Ան յայտնեց. «Հայրենիքի եւ կրօնքի համար մղուող պատերազմը սուրբ է, Վարդանանց պատերազմը սուրբ պատերազմ էր, որովհետեւ անոր շնորհիւ մենք շարունակեցինք գոյատեւել ու ծաղկիլ որպէս ազգ»։
Աւարտին փոխանցեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդի Արհի. Տէր. Պետրոս Արք.Միրիաթեանի շնորհաւորանքը եւ շնորհակալութիւնը բոլոր անոնց, որոնք սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու համար աշխատանք չխնայեցին, յատկապէս օրուան բանախօսին՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեանին, երգչախումբի անդամներուն, ղեկավարին եւ յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն։
Յուշահանդէսը վերջ գտաւ հայ երեք հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներուն «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ժիրայր Կարապետեան