Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ շուրջ 60 սուրիացի տիկիններ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի մէջ արդիւնաբերական արտադրութեան վաճառքի ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցած էր «Շահպա Հալապ» հիւրանոցէն ներս:
Հալէպի Արդիւնաբերական Պալատի քարտուղար Ռաաֆաթ Շամմաա յայտնած էր, որ ցուցահանդէսը առիթ ընծայեց սուրիացի գործարար տիկիններուն փաստելու իրենց ստեղծագործ ձիրքերն ու արտադրողական կարողութիւնները:
Իր կարգին, Հալէպի արդիւնաբերական պալատի գործարար տիկնանց յանձնախումբի նախագահ Անի Մարկոսեան յայտնած էր, որ ցուցահանդէսին մասնակցութիւն բերող սուրիացի տիկինները իրենց ներդրումը պիտի բերեն երկրի տնտեսութեան բարելաւման:
Ասեղնագործով եւ խճանկարային պատկերներով իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Թալին Միկրոյեան-Ալեքսանեանը, որ իր կարգին յայտնած էր, որ ցուցահանդէսը առիթ կ’ընծայէ սեփական աշխատավայր չունեցող իւրաքանչիւր ստեղծագործ սուրիացի տիկնոջ՝ իր արտադրութիւնները ցուցադրելու:
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Շողիկ Շէօհմէլեան-Տէր Պօղոսեանի համաձայն, ցուցահանդէսին նպատակն է սուրիացի տիկիններուն նեցուկ կանգնիլ, որպէսզի իրենց արտադրած ձեռային աշխատանքները վաճառեն: