«Քրիստափոր» գրադարանի իրարայաջորդ վարչութիւններ, 1975 թուականէն սկսեալ, ըստ կարելիութեան սահմաններուն կազմակերպած են «Քրիստափոր» գրադարանի օրը: Թէեւ գրադարանի վարչութիւններուն համար իւրաքանչիւր օր իսկ գրադարանի օր համարուած է, սակայն տարին օր մը միայն անոնք հանդէս եկած են հանրութեան դիմաց՝ ներկայացնելու գրադարանին մէջ տեղ գտած գիրքերը:
Վարչութիւնները յաճախ հանրութեան ներկայացած են ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկներով, յատկապէս «Քրիստափոր» գրադարանի օրուան առիթով՝ ներկայացնելու գրադարանին մէջ տեղ գտած գիրքերը:
«Քրիստափոր» գրադարանի օրուան առիթով կը ցուցադրուէին գրադարանի հաւաքածոյէն այնպիսի գիրքեր, որոնք լոյս տեսած են նախքան 1917 թուականը, նաեւ հնատիպ այլ գիրքեր. հայատառ թրքերէն գիրքեր, Հալէպ լոյս տեսած գիրքեր, մամուլ եւ այլն:
Այնուհետեւ, 1989 թուականի Դեկտեմբերին գրադարանը տեղափոխուեցաւ Արամ Մանուկեան Ժողվրդային Տան առաջին յարկը, այսօրուան իր կեդրոնին մէջ: Իր առաքելութիւնը կատարածի խոնարհ համեստութեամբ Թիլէլի ակումբի դրօշը կը փոխանցուէր նոր կառոյցին: Սկիզբ կ’առնէր նոր փուլ մը, նոր տարազով, նոր կշռոյթով եւ գործունէութեան նոր դաշտերով, միշտ եւ միշտ վառ պահելով Թիլէլի ակումբը յիշեցնող աւանդոյթները: Հոս, շուրջ 3 տասնեակ տարիներէ ի վեր գրադարանը կը գործէ անխափանօրէն: Թէեւ այսօր պարագան նոյնը չէ անշուշտ, այն իմաստով, որ գիրք կարդացողներուն թիւը նահանջած է աներեւակայելի համեմատութեամբ:
Վերոնշեալ մեկնակէտէն ելլելով, «Քրիստափոր» գրադարանի վարչական կազմեր տարբեր ժամանակաշրջաններուն մտայղացած են զանազան միտքեր՝ պատանիներն ու երիտասարդները ընթերցանութեան մղելով, միջ-դպրոցական ուղղագրութեան եւ ընթերցանութեան մրցումներ կազմակերպելով, փոքրերուն հեքիաթներ պատմելու հանդիպումներ իրականացնելով, տարբեր գրադարաններու եւ հաստատութիւններու հետ գործակցութիւն մշակելով, եւ տակաւին պատերազմի տարիներուն գաղթող ընտանիքներէն եւ փլատակ դարձած տուներէն թանկարժէք գիրքերը հաւաքելով: Անշուշտ այս բոլորը տարբեր պատճառներով շարունակական ընթացք չեն ունեցած:
Բայց եւ այնպէս, գրադարանը իր ընթացիկ առաքելութիւնը կատարելէ չէ դադրած: Յիշատակուած են նաեւ «Քրիստափոր» գրադարանի հիմնադրութեան 65, 75 եւ 90-ամեակները:
Քաջ գիտենք, որ «Քրիստափոր» գրադարանը եկամտաբեր ծրագիր չէ, եւ երբեք չի կրնար այդպէս ըլլալ: Պէտք է ընդգծել, որ ան ընթերցասէր փաղանգին օգտակար դառնալու ծրագիր է, մանաւանդ տրամադրելով այն գիրքերը, որոնք շատ սուղ են եւ ընթերցասէրը կարելիութիւն չունի գնելու զանոնք: Հետեւաբար, խորհրդանշական գումարով կը տրամադրուին ընթերցասէրներուն, վերադարձնելու պայմանով:
Այսօր կը վերյիշեմ եւ վստահ եմ, որ ձեզմէ շատեր նաեւ պիտի յիշեն իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան ժամանակաշրջանը, քանի որ մեր անհատականութեան ձեւաւորման մէջ այդ տարիներուն մեր տան գրադարաններուն կողքին զուգահեռաբար «Քրիստափոր» գրադարանը եւ, ուղղակի, գիրքը մեծ դերակատարութիւն ունեցած են: Կը տեսնեմ, որ անձի ձեւաւորման մէջ գիրքը, դասականներու, յեղափոխականներու, գաղափարականներու եւ այլոց ստեղծած բազմահարուստ արժէքները կարեւորագոյն դերակատարութիւնը ունին եւ միշտ կ’ունենան՝ անկախ լրատուական նորանոր միջոցներու յայտնութեան ու բարձր արհեստագիտութեան ներդրումին:
Անտարակոյս, իւրաքանչիւր մարդու կեանք գիրք մըն է, եւ ամէն մէկ գիրք՝ մարդու մը կեանքը:
Նկատի առնելով, որ գրադարանները ազգերու, անշուշտ, նաեւ հայերու հոգեւոր կեանքի եւ մշակոյթի զարգացման մէջ կատարած են ու այսօր ալ կը կատարեն անփոխարինելի դեր, իւրաքանչիւր գրադարան կոչուած է իրականացնելու իրեն յատուկ գործառոյթները՝ պատմամշակութային, տեղեկատուական, հաղորդակցական, մանկավարժական, վիճակագրական եւ այլն: Մեր գրադարանի առաջնային խնդիրն է կազմակերպել իր գրականութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն՝ ընթերցողներուն լաւագոյնս սպասարկելու համար: Եւ այս գործին մէջ անփոխարինելի է գրադարանավարին դերը, որուն հոգածութիւնը գիրքին եւ ընթերցողին նկատմամբ չափազանց կարեւոր է:
Մեր դիմագիծը ներկայացնող եւ սերունդներու դաստիարակչական ծրագիրներու ուղին հանդիսացող «Քրիստափոր» գրադարանը, որպէսզի վերագտնէ իր երբեմնի հմայքը, կարեւոր կը նկատեմ այստեղ լուսարձակի տակ առնել գրադարանավարի կերպարը:
Գրադարանավարը մտաւորականի ամենավառ օրինակն է՝ իր ապրելակերպով, նախասիրութիւններով ու արժեհամակարգով: Այսօր ալ գրադարանավարի գործառոյթը հսկայական է, քանի որ ան պարտաւոր է գիրքին եւ ընթերցողին միջեւ ձեւաւորել հոգեւոր, կայուն կապ, որպէսզի իւրաքանչիւր գիրքի հետ ընթերցողին փոխանցուի աւելին իմանալու, գիտութեան գաղտնիքներուն տիրապետելու կամք, քանի որ մարդկային ամենաազնիւ գործօններէն մէկը գիրքի հետ առնչութիւն ունենալն է, իսկ կարդալու արուեստի գաղտնիքները միշտ ալ եղած են գրադարանավարներու աշխատանքին յենարանը:
Գրադարանը մեզի համար ազգային ու գաղափարական կեանքի, ուսումնագիտական գործընթացի անբաժան մասն է, իսկ գրադարանավարը այդ անխախտ գործընթացը ապահովողը:
Ի զուր չէ, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումով, 2004 թուականէն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իւրաքանչիւր Հոկտեմբերի 7-ն պաշտօնապէս կը յիշատակուի, որպէս «Գրադարանավարի Օր»:
Հալէպի մէջ տիրող շուրջ ինը տարիներու պատերազմական եւ տաղտկալի վիճակներուն լոյսին տակ, գրադարանը ժրաջան աշխատանքով շարունակեց իր մշակութանուէր եւ գաղափարախօսական երթը: Վճռականութեամբ ու հերոսաբար գործելով, պատնէշի վրայ անվախ ծառայութիւն մատուցանելով մնաց հանրութեան առջեւ իր դռները բացող միակ գրադարանը: Քարոզչական իմաստով համացանցի ճամբով ներկայութիւն եղաւ դիմատետրի վրայ իր յատուկ էջով:
Այս տարիներուն շարունակեց իրականացնել տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ «Քրիստափոր» գրադարանի օրուան յիշատակում, աշակերտական տարբեր կարգերու ընթերցանութեան մրցումներ, գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք եւ այլ ձեռնարկներ:
«Քրիստափոր» գրադարանի այսօրուան վիճակը, պատերազմէն ետք, բնականաբար տարբեր է, վերականգնումի եւ վերադասաւորումի գնահատելի ընթացքի մը մէջ է ան, թէեւ դանդաղ քայլերով:
Միւս կողմէ, հազարաւոր գիրքեր կը ցանկագրուին, նոր գիրքեր կը ստացուին սնտուկներով, կ’աւելցուին հիներուն վրայ: Փոքր ճիգ մը կայ նաեւ դպրոցներուն մօտենալու, անցեալի նման՝ յարմար գիրքերու ցուցակներ առաջարկելով զանազան կարգերու աշակերտութեան:
Ժամանակակից գիտութեան ու արհեստագիտական զարգացումով, գրադարաններու աշխատանքը անընդհատ կը բարդանայ: Տպագիր արտադրանքի վիթխարի աճը գրադարաններու առջեւ դրած է հսկայական թիւով հրատարակութիւններու ընտրութեան, մշակման, արդիւնաւէտ պահպանման եւ ընթերցողին արագ ու ճիշդ սպասարկելու խնդիրներ:
Ահաւասիկ այսօր, երբ համաշխարհային գետնի վրայ երիտասարդութեան սէրը յատկապէս կը ծաւալի դէպի համացանցային միջոցներով զարգացման ուղիներու փնտռտուքը, այս հրամայականը առաւել շեշտակիօրէն կը ծառանայ մեր առջեւ:
Ընդունինք, որ տպագիր նիւթերու ընթերցանութեան պակասը կայ, բայց որոշ երկիրներ կը պահպանեն ընթերցանութեան քաջալերանքը եւ զայն կը լրացնեն բջիջային հեռաձայններով կամ համակարգիչներով: Մեր պակասը աւելի մեծ է, ընդհանրապէս ընթերցանութիւնը նահանջած է:
Այս առումով, «Քրիստափոր» գրադարանի պատասխանատուներուն ուսերուն վրայ պարտք կը սեպուի իրենց դէմ ցցուած ներկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հսկայ աշխատանքը:
Անոնք շատ արագ պէտք է նախաձեռնեն վերադասաւորման ու կարգաւորման աշխատանքներու, որպէսզի խղճալի վիճակի մէջ մնացած գիրքերը իրենց պատուոյ տեղերը գրաւեն եւ սկսին ծառայել մեզի: Անոնք պէտք է ապահովեն նաեւ նոր հրատարակուած եւ նորագոյն հեղինակներու հատորներ:
Ինչքան ալ զարգանայ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, ինչքան ալ գիրքերու թուայնացման գործունէութիւնը ծաւալի, միեւնոյնն է, տպագիր գիրքը կը մնայ անփոխարինելի:
Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ «Քրիստափոր» գրադարանը մշտապէս կը գտնուի Պատկան Մարմինի ուշադրութեան կեդրոնը, եւ գրադարանի անմիջական անձնակազմերու կատարած աշխատանքը կը գնահատուի: Ինչ որ իր կարգին խթան կը հանդիսանայ աւելին ընելու, ամէն անգամ նոր գաղափարներով ընթերցողներու առջեւ իրենց դռները բանալու համար:
Իրարայաջորդ պատկան մարմիններու կողմէ նման ուշադրութիւնը գրադարանի հանդէպ ինքնին խօսուն է:
Նման հաւատարմութիւնը մեր դարաւոր արժէքներուն՝ գիտելիքին եւ գիրքին, անպայման կու տայ իր արդիւնքը սերունդներու դաստիարակման ոլորտին մէջ:
Բայց ի՞նչ բան մղած է, որ մեծ ուժով հարիւր տարի շարունակ պատնէշի վրայ գործեն եւ հայ գրականութեան ու հայ յեղափոխական եւ ազգային գաղափարախօսական գրականութեան պահպանման ու քարոզչութեան քայլին դիմեն «Քրիստափոր» գրադարանի պատասխանատուները: Հաստատօրէն կրնանք ըսել, որ քրիստափորեան ոգին, հայկական արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման մեծ առաքելութեամբ՝ գաղափարական մտաւորականի ծառայութեամբ կը մղէ «Քրիստափոր» գրադարանի անձնակազմերը խորանալու այս աշխատանքներուն մէջ եւ գրադարանը վերածելու ընթերցասէր հաւաքականութեան լուսաւորման կեդրոնի:
Այստեղ, բնորոշելով «Քրիստափոր» գրադարանի դերն ու նշակակութիւնը համայնքէս ներս, կը կատարենք կարգ մը եզրայանգումներ.-
ա.- ներկայ դարուս ընթերցողներու թիւին նօսրացումը, ու յատկապէս առձեռն հեռաձայն-համակարգիչներուն գրաւչութիւնը, պատճառ եղած են, որ ընթերցողը հեռանայ գիրքէն: Առ այդ, անհրաժեշտ կը զգանք, որ գրադարանի պատասխանատուները յառաջիկային ծրագրուած կերպով աւելի յաճախակի նախաձեռնութիւններով քաջալերեն ընթերցողները եւ գիրքին ու անոնց միջեւ հարազատ կապ հաստատեն՝ գրադարանին շուրջ համախմբելու զանոնք:
բ.- «Քրիստափոր» գրադարանի 100 տարիներու վաստակը ու մանաւանդ գրադարանի պատասխանատուներուն զոհաբերութիւնն ու նուիրուածութիւնը հայ գիր-գրականութեան վերելքին նկատմամբ՝ աներկբայօրէն ցոյց կու տան, որ իրարայաջորդ ընթերցասէր սերունդներուն համար գրադարանը նոյնպէս դարձած է իւրայատուկ վարժարան, զարգացող աշխարհայեացքներուն առընթեր հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով:
գ.- Համաշխարհայնացման այս օրերուն անհատը յարատեւօրէն պարտադրանքի տակ է հակազդելու նոր երեւոյթներու եւ պատահարներու. իրողութիւն մը, որ երբեմն կը սպառնայ ազգային իւրայատուկ ինքնութեան եւ որուն փրկութեան կրնայ հասնիլ հայերէն գիրքը միայն: Ուստի, անհրաժեշտ է նոր միտքեր ի յայտ բերել՝ նոր ցուցահանդէսներ, լսարան-հանդիպումներ, գիրքերու շնորհանդէսներ, գիտական ընթերցումներ, դասախօսութիւններ եւ այլն:
դ.- «Քրիստափոր» գրադարանը իր ժրաջան ու հարազատ գործունէութեամբ ամբողջ 100 տարիներու ընթացքին եղաւ գիրքը եւ ընթերցասէրը կամրջող ամուր օղակը: Երբ մէկ կողմէ մայրական գուրգուրանքով խնամեց գիրքերը, իսկ միւս կողմէ դար մը ամբողջ սերունդներ դաստիարակեց:
ե.- Նկատի առնելով որ ընթերցողին անմիջական կապը գրադարանավարն է, հետեւաբար խիստ կարեւոր է հմուտ գրադարանավարներ ունենալ, որպէսզի պահանջուած նիւթերու իմացութեամբ ընթերցողներուն լաւագոյն սպասարկութիւնը կատարուի:
զ.- «Քրիստափոր» գրադարանի 1919-2019 ժամանակահատուածին մէջ ինկած կոթողային գործունէութեան տուեալներու արձանագրութիւնն ու յուշագրութիւնը՝ նպատակ ունենալով նախ պահպանել եւ արխիւի վերածել 100 տարուան գործընթացը, ապա գիրքով մը լոյս ընծայել գրադարանի պատմութիւնը:
«Քրիստափոր» գրադարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, վերոնշեալ հաստատումերը կատարելէ յետոյ եզրակացնելով կ’ընդգծեմ, որ «Քրիստափոր» գրադարանը մեզի համար գանձարան է, միտքի շտեմարան, հոգեղենութեան ու մտքի յարատեւութեան խորհրդանիշ, մեր համայնքի գերագոյն հարստութիւններէն մէկը, նաեւ այն քուրան, ուր կը կոփուի ընթերցասէրներու հոգին ու կը զօրանայ անոնց էութիւնը:
Այս ըմբռնումներով կ’ողջունենք լուսաւորութեան փարոսի՝ «Քրիստափոր» գրադարանի 100-ամեակը:
Փա՛ռք ու պատիւ պատասխանատու, թէ քուլիսներու ետին աշխատող խոնարհ հերոսներուն, որոնք ջահակիրը եղան գիր-գրականութեան: Գործեցին հաւատքով ու ապրումով, ծառայեցին յօժարակամ եւ անշահախնդիր, փառք դաւանելով անաղմուկ բարիքը եւ անտրտունջ յոգնութիւնը: Յարգա՜նք իրենց գործին եւ յիշատակին:
Բարի երթ եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք գրադարանին, միշտ ակնկալելով լաւագոյնը:
(շար. 2 եւ վերջ)