Կեան­քի ամե­նա­սի­րուն ու ան­մեղ տա­րի­նե­րը ման­կու­թեան տա­րի­ներն են: Տա­րի­ներ, որոնք անկրկ­նե­լի ու ան­մո­ռա­նա­լի են:
«Ան­մե­ղու­թիւն». երբ այս բա­ռը լսեմ, ան­մի­ջա­պէս  միտքս  կու գան մա­նուկ­նե­րը, որոնք չեն գի­տեր կեան­քի դժուարութիւն­նե­րը,  այլ միայն՝ բա­րու­թիւն , սէր ու երազ:
Ման­կու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ամէն մա­նուկ կը սկ­սի մտա­ծել ապա­գա­յի մա­սին, չգիտ­նա­լով որ­քան դժ­ուար է կեանքի ճամ­բան,  եւ իրենց  մտա­ծում­նե­րէն շատ աւե­լի տար­բեր է: Ամէն մա­նուկ կ’ու­նե­նայ իր երա­զա­յին ու հեքիաթային աշ­խար­հը:  Մա­նու­կի մը երբ հարց­նես՝ «Ի՞նչ  կ’ու­զես» , ան պի­տի նա­յի աչ­քե­րուդ ու ըսէ՝ «Մեծ­նալ», ինչ որ պի­տի կա­տար­ուի: Բայց ման­կու­թեան վե­րա­դառ­նալ՝ կա­րե­լի չէ:
Ան­մե­ղու­թեան մե­ծա­գոյն օրի­նակ­ներն են մա­նուկ­նե­րը, որոնք ո՛չ  ատել գի­տեն, ոչ ալ չար բա­ներ: Անոնց բո­լոր կա­պե­րը հիմն­ուած են սի­րոյ վրայ:
Շատ փոք­րիկ­ներ կան, որոնք զրկ­ուած են իրենց ման­կու­թե­նէն, իրենց խա­ղի ու հեք­ի­ա­թա­յին աշ­խար­հէն՝  պա­տե­րազ­մի, աղ­քա­տու­թեան կամ հիւան­դու­թեան հե­տե­ւան­քով:  Ցա­ւա­լի  ու դժ­ուար է փոք­րիկ մը իր ման­կու­թիւնը անց­նէ  հո­գե­րով ու զր­կանք­նե­րով:
Մա­նուկ­նե­րուն պէտք է տր­ուի խա­ղաղ ու հան­գիստ ման­կու­թիւն, այ­լա­պէս  անոնք կ’ու­նե­նան վա­խով լե­ցուն ապա­գայ մը: Պէտք է աշ­խա­տիլ  զրկ­ուած մա­նուկ­նե­րու աշ­խար­հը  փո­խե­լու հա­մար, որ­պէսս­զի իրենց ման­կու­թիւնը  ու­րախ անցնի ու անոնց երազ­նե­րը իրա­կա­նու­թիւն դառ­նան: Ման­կու­թեան յու­շե­րը միշտ քաղցր կը մնան:
Թող որ ամէն մա­նուկ  քաղցր յու­շե­րով  խա­ղաղ ու հան­գիստ ման­կու­թիւն ու­նե­նայ:
Աստղիկ Դանիէլեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան