Սիրելի՛ Հայրենակիցներ,

ՀՀ Կառավարութիւն

Պսակաձեւ ժահրի համաշխարհային վարակը չէ շրջանցած նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` լրջագոյն մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքների առջեւ կանգեցնելով թէ՛ մեր ազգաբնակչութիւնը, թէ՛ մեր պետականութիւնը:
Իրավիճակին ծանրութիւնը, մեր ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներն ու վտանգները, աւելի քան երբեւէ, կը պահանջեն ներազգային միասնականութիւն եւ համախոհութիւն` համազգային ջանքերով յաղթահարելու եւ կանխելու վարակին հնարաւոր տարածումը, ինչպէս նաեւ անոր բացասական հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը մեր ազգային հաւաքական շահերուն վրայ:
Գնահատելով ստեղծուած կացութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը.
Կը Դիմէ մեր հայրենակիցներուն` կոչ ուղղելով զգօն ըլլալու եւ չմատնուելու խուճապի:

Կը դիմէ ՀՀ կառավարութեան`
պատրաստակամութիւն յայտնելով իր համահայկական կառոյցի կազմակերպական եւ մասնագիտական ողջ կարողականութեամբ եւ ներուժով ներգրաւուելու ԱՐՏԱԿԱՐԳ իրավիճակով պայմանաւորուած աշխատանքներուն եւ գործողութիւններուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
16.03.2020 թ.