«Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան 16 Մարտի արտակարգ նիստին, որ վարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունուեցաւ օրակարգին վրայ ներառուած որոշման նախագիծը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին»: Որոշումը ընդունուեցաւ աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածման եւ այդ վարակը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարին կողմէ 13 Մարտին համաճարակ որակուելու լոյսին տակ:
Ըստ այնմ՝ կառավարութիւնը որոշեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, 16 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան ժամը 5:00 յայտարարել արտակարգ դրութիւն: Արտակարգ դրութեան իրաւական դրութիւնը ապահովող ուժերուն եւ միջոցներուն միասնական ղեկավարումը իրականացնելու նպատակով՝ պիտի ստեղծուի պարէտատուն, որուն ղեկավարման համար պարէտ պիտի նշանակուի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան:
Կառավարութեան որոշումով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կ՛արգիլուին հաւաքները եւ գործադուլերը, կը դադրեցուին պետական, համայնքային եւ ոչ-պետական հանրակրթական, նախնական մասնագիտական, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, արտադպրոցական դաստիարակութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական գործընթացը, բացի հեռավար ուսուցումէն:
Նիստի աւարտին, վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուց, որ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ քննարկած պսակաձեւ ժահրի պատճաոով ստեղծուած վիճակը: «Մինչ այս պահը Արցախի մէջ պսակաձեւ ժահրի ոչ մէկ դէպք արձանագրուած է: Կոչ կ’ընենք մեր քաղաքացիներուն Արցախէն Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդել միայն բացառիկ անհրաժեշտութեան պարագային», յայտնեց վարչապետը: