«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 Մարտին աշխատանքային խորհրդակցութիւն կատարած է` Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի ենթակայութեան ներքոյ գործող հիմնարկներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան քննարկուած են մայրաքաղաքէն ներս պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման եւ կայուն համաճարակային վիճակի պահպանման համար իրականացուող համալիր աշխատանքներու ընթացքին վերաբերող հարցեր:
Երկրի ղեկավարը յանձնարարականներ տուած է ներկաներուն քննարկուած հարցերուն պատշաճ եւ համակարգուած լուծում տալու ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձեր:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ