ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- 17 եւ 18 Մարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կապ հաստատեցին իրարու հետ, պսակաձեւ ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչութեամբ:
Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններոով:
Կաթողիկոսը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ՝ աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքը եւ ազգը հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձանքներէ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ողջունեց վարչապետին տարած հետեւողական աշխատանքը: