ՍԱՆԱ.- Սուրիոյ կառավարութիւնը քաղաքացիները յորդորեց հետեւիլ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու Առողջապահութեան Նախարարութեան թելադրանքներուն, հականեխիչ դեղերու օգտագործումով եւ անհատական մաքրութեան ուշադրութիւն դարձնելով, զերծ մնալու պսակաձեւ ժահրէն, անգամ մը եւս հաստատելով, որ ցարդ Սուրիոյ մէջ վարակուած ոչ մէկ պարագայ գրանցուած է։

Կառավարութիւնը քաղաքացիները տուն պահելու համար որոշեց Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ դադրեցնել հանրային եւ անձնական փոխադրամիջոցներու օգտագործումը Սուրիոյ նահանգներուն մէջ, իսկ Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ՝ նահանգներուն միջեւ, նախարարութիւններուն եւ այլ կարգ մը հաստատութիւններուն թելադրելով սեփական միջոցներով փոխադրել սակաւաթիւ պաշտօնէութիւնը միայն։

Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ բազմացնել տարրալուծարաններուն թիւը, արտօնութիւն տալ հականեխիչ նիւթեր արտադրող արդիւնաբերական ընկերութիւններուն ներածելու արտադրութեանց նախնական նիւթերը յառաջիկայ 15 օրուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ ներքին առեւտուրի նախարարութենէն խնդրեց հետապնդել հացի կանոնաւոր բաժանումը համապատասխան կեդրոններ, ինչպէս նաեւ բոլոր շուկաներու եւ առեւտրական, հասարակական եւ մշակութային կեդրոններու փակ պահուիլը, ի բացառեալ հիւանդանոցներուն, դեղարաններուն եւ նպարավաճառներուն։