“Արմէնփրէս”._ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը։
Նիստին սկիզբը վարչապետը յայտնած է, որ բոլոր վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ պսակաձեւ ժահրին հետ կապուած այս իրավիճակը կրնայ շատ աւելի երկար տեւել, քան ի սկզբանէ սպասելի էր այս կացութիւնը։
Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութեան գործունէութիւնը պէտք է երկու մասի բաժնուած ըլլայ. առաջինը պէտք է պարետատան գործունէութիւնը ըլլայ, որ կը կարգաւորէ առարկայական հարցերը եւ երկրորդը՝ պէտք է ըլլայ հակաճգնաժամային եւ ռազմավարական քայլերու մշակումով ու տրամաբանութեամբ, որպէսզի կարենանք այս իրավիճակի բարդութիւններուն առաջքը առնել:
Այնուհետեւ պատասխանատուները զեկուցած են պսակաձեւ ժահրին կանխարգիլման աշխատանքներուն ընթացքը: Նշուած է, որ ներկայիս քայլեր կատարուած են քննութիւններու եւ դիմակներու նոր խմբաքանակներու ապահովելու համար: Փոխվարչապետ, պարետ Տիգրան Աւինեան ընդգծած է, որ այժմ հանրապետութեան մէջ պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման դրութիւնը վերահսկողութեան տակ է եւ ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է կանխարգելիչ նախաձեռնութիւններուն վրայ։
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան աւելացուցած է, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 194 անձերուն մէջ ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդներ չունինք, բոլորին վիճակը բաւարար կը գնահատուի: