Զրոյ­ցը եր­բեմն նոր հո­րի­զոն­ներ կը բա­նայ մեր դի­մաց, զրու­ցե­լով տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րու, տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ապրող, տար­բեր կար­ծիք ու մտա­ծե­լա­կերպ ու­նե­ցող գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ, աւե­լի լայն եւ բազ­մա­կող­մա­նի հայ­եաց­քով կը նա­յինք որե­ւէ հար­ցի։ Եր­բեմն նոր մտ­քեր կը ծնին, կար­ծիք­ներ կը հան­դի­պին, գոր­ծակ­ցու­թեան եղա­նակ­ներ կ’ուրուագծ­ուին զրոյ­ցի ճամ­բով։ Մտա­մար­զանք մը չէ միայն զրոյ­ցը, կար­ծիք­նե­րու հան­դի­պում մըն է, որ ոչ միայն տեսակէտ­նե­րու փո­խա­նակ­ման կը նպաս­տէ, այ­լեւ՝ շատ մը մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու փա­րա­տու­մին, նոյ­նիսկ զի­րար աւե­լի լաւ ճանչ­նա­լու, հասկ­նա­լու կր­նայ նպաս­տել եւ ար­դիւն­քի հաս­նե­լու մղիչ ազ­դակ հան­դի­սա­նալ, եթէ մշա­կոյ­թի վե­րած­ուի։
Հայ­կա­կան մեր մի­ջա­վայ­րին մէջ այս մշա­կոյ­թը կը պահ­ուի՞։ Մեր ոչ այն­քան մեծ հա­յաշ­խար­հին մէջ եր­բեմն զրու­ցելն անգամ ան­կա­րե­լի կը թուի, սկ­սած զրոյց­ներն իսկ անա­ւարտ կը մնան, խուլ ձե­ւա­նա­լու մշա­կոյթ մը կը սկ­սի փո­խա­րի­նել զրոյ­ցը ու կը վեր­յի­շես եր­գի­ծա­բան Յ. Պա­րոն­եա­նի «Խօ­սակ­ցու­թիւնք Մե­ռե­լոց»ը, ուր մար­դա­սի­րու­թիւնը կը դառ­նայ մե­ռե­լա­ծին, ծնե­լա­մահ, իսկ ան­մահ ճշ­մար­տու­թիւնը ծե­րա­ցած ու հաշ­ման­դամ կը մեկ­նի ան­դի աշ­խարհ…։ Այս­պի­սի նեղ սահ­ման­նե­րու մէջ կը թաղ­ուին եր­բեմն զրոյց­նե­րը, կը պակ­սին մտա­ծող, ըն­թեր­ցող տար­րին հա­մար ար­տա­յայտ­ուե­լու մի­ջա­վայր ստեղ­ծե­լու ջան­քե­րը։
Այս նեղ սահ­ման­նե­րը հա­տել կը փոր­ձէ «Հա­յե­րէն Պլօկ»ը, երբ անոր խմ­բա­գիր Իշ­խան Չիֆթճ­եա­նը, օգտ­ուե­լով առ­ցանց հա­ղոր­դակ­ցութ­եան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րէն, ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ եթե­րազ­րոյց­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ տար­բեր նիւթե­րու շուրջ, «պլօկ»ական­նե­րուն եւ զե­կու­ցա­բե­րի մը մաս­նակ­ցութ­եամբ ար­ծար­ծե­լով հարց մը, քն­նար­կե­լով անոր տար­բեր կող­մե­րը, կար­ծիք-հա­կա­կար­ծիք իրա­րու դէմ բե­րե­լով եւ  շա­հե­կան աւարտ ու­նե­ցող զրոյց մը վա­րե­լով։
Նա­խորդ Չո­րեք­շաբ­թի եւ Հինգ­շաբ­թի, 17 եւ 18 Մար­տի երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցած եթե­րազ­րոյ­ցին նիւթն էր «Մա­մուլն ու Ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը», զե­կու­ցա­բե­րը «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի խմ­բա­գիր Զար­միկ Պօ­ղիկ­եանն էր։
Եր­կու օրե­րու ըն­թաց­քին երե­քա­կան ժամ տե­ւող եթե­րազ­րոյ­ցին մաս­նակ­ցե­ցան տար­բեր եր­կիր­նե­րէ «Հա­յե­րէն Պլօկ»ի աւե­լի քան տա­սը աշ­խա­տա­կից­ներ։
Զե­կու­ցա­բե­րը նախ ներ­կա­յա­ցուց ար­հես­տա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման ազ­դե­ցու­թիւնը մա­մու­լին վրայ, դի­տել տա­լով որ ար­հես­տա­գի­տու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցին հետ ամէ­նէն ազ­դե­ցիկ զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թը ապ­րե­ցաւ մա­մու­լը, յատ­կա­պէս հա­սա­րա­կա­կան ցան­ցե­րու բաց հա­մա­կար­գին բա­նե­ցու­մով։
Ան յայտ­նեց, որ ար­դի հա­սա­րա­կու­թիւնը  կա­րե­լի չէ պատ­կե­րաց­նել  առանց  ելեկտ­րո­նա­յին մա­մու­լին: Ըն­կե­րա­յին ցանցե­րը վըրչ­ուըլ աշ­խար­հին շար­ժիչ հիմ­նա­կան ազ­դակ­ներն են, որոնք աւան­դա­կան մա­մու­լէն կը տար­բե­րին շարք մը յատ­կու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս ըն­թեր­ցող-թերթ փո­խազ­դե­ցու­թիւնը, արագ  հա­սա­նե­լիու­թիւնն ու ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն շրջա­նակ ու­նե­նա­լու առա­ւե­լու­թիւնը, գրո­ղին ու լրագ­րո­ղին հա­մար ան­կախ հար­թա­կի ստեղ­ծու­մը, գոր­ծակ­ցու­թեան աւե­լի լայն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու առ­կա­յու­թիւնը աշ­խա­տա­կից­նե­րու եւ լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու մի­ջեւ, մի­եւ­նոյն ատեն փորձա­ռու­թիւն­նե­րու փո­խա­նակ­ման, գի­րի, պատ­կե­րի եւ ձայ­նի մի­աց­եալ օգ­տա­գործ­ման կա­րե­լիու­թիւնը, մամ­լոյ սպասա­ւո­րին մշ­տա­նո­րոգ որա­կի պա­հան­ջը եւ այլն։ Անդ­րա­դարձ կա­տար­ուե­ցաւ նա­եւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան զարգացման հետ երե­ւե­լի դար­ձող բա­ցա­սա­կան կող­մե­րու, ինչ­պէս լեզ­ուի աղա­ւաղ­ման, յա­ճախ որա­կի հաշ­ւոյն տե­ղի ու­նե­ցող լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու մր­ցա­վազ­քին, տպա­գիր մա­մու­լի պա­հան­ջի նուա­զու­մին, ապա­տե­ղե­կա­տուու­թեան արշաւ­նե­րու աճին,  ան­հա­տա­կան թէ պե­տա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ տե­ղե­կատ­ուա­կան ապա­հո­վու­թեան խոցելիութեան եւ այլն։
Եզ­րա­կաց­նե­լով զրու­ցա­կից­նե­րը յատ­կա­պէս նկա­տել տուին, որ զար­գա­ցու­մը միայն ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով սահ­մա­նա­փա­կե­լու փո­խա­րէն, անհ­րա­ժեշտ է աշ­խա­տանք տա­նիլ ար­հես­տա­գի­տու­թեան օգտագործումը որե­ւէ թեր­թի կամ կայ­քի բո­վան­դա­կու­թեան հարս­տաց­ման եւ կար­ծիք­նե­րու այ­լա­զա­նու­թեան ծառայեցնե­լու հա­մար նա­եւ։
Զրու­ցա­կից­նե­րը «Գան­ձա­սար»ի խմ­բա­գի­րին հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին, առա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին, տե­ղի ու­նե­ցան քննար­կում­ներ, այ­լա­զան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րող թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ հն­չե­ցին եւ ան­կեղծ, ան­մի­ջա­կան մթ­նո­լոր­տի մը մէջ աւար­տին հա­սաւ զրոյ­ցը։
Զե­կու­ցա­բե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն  յայտ­նե­լով «Հա­յե­րէն Պլօկ»ի խմ­բագ­րու­թեան, շնոր­հա­ւո­րեց գրա­կան այս կայ­քի հիմնադր­ման 4-ամ­եա­կը, դի­տել տա­լով որ արեւմ­տա­հայ առ­ցանց մա­մու­լին մէջ եզա­կի կայք մըն է ան՝ իր հա­րուստ բովան­դա­կու­թեամբ, յան­դուգն գրիչ­նե­րով, ինչ­պէս նա­եւ ոճի եւ լեզ­ուի իւ­րա­յատ­կու­թեամբ։
Զրոյ­ցի այս մշա­կոյ­թը պա­հելն ու զար­գաց­նե­լը շատ մը հար­ցե­րու լուծ­ման առաջ­նոր­դող նա­խա­քայլ չէ՞ մի­թէ։
Թղ­թա­կից