Ինծի համար մեծ պատիւ է գրել 2020-ի Թատրոնի Միջազգային Օրուան նամակը։ Համեստաբար եւ նոյն ատեն ուրախութեամբ կ’ընդունինք, որ փաքիստանեան թատրոնը եւ նոյն ինքն Փաքիստան կը վայելեն ճանաչումը Թատրոնի Միջազգային Հաստատութեան՝ մեր ժամանակներու ամէնէն ազդեցիկ ու ընդհանրական թատերական միջազգային կազմակերպութեան։ Այս մէկը պատիւ է նաեւ «Աճոքա» թատրոնի հիմնադիրներէն կեանքի ընկերոջս՝ Մատիհա Ճաուհարին, որ երկու տարի առաջ այս կեանքէն հեռացաւ։ «Աճոքա» թատերախումբը դժուար ճամբայ կտրեց, որպէսզի հրապարակներէն հասնի մինչեւ թատերասրահներ։ Բայց համոզուած եմ, որ այս մէկը ճշմարիտ է բոլոր թատերախումբերու պարագային։ Չկայ հանդարտ նաւարկութիւն, կայ միայն պայքար։
Ծննդավայրս իսլամ մեծամասնութեամբ երկիր մըն է, որ ականատես եղած է զինուորական բռնատիրութիւններու, կրօնամոլ ծայրայեղներու ջարդերու եւ երեք պատերազմներու դրացի Հնդկաստանի դէմ, որուն հետ կը բաժնեկցինք  նաեւ հազարամեակներու պատմութիւն ու ժառանգութիւն։ Այսօր, տակաւին կ’ապրինք մեր եղբայր-դրացի երկիրին հետ մեծ պատերազմի մը վախին մէջ. պատերազմ, որ նոյնիսկ կրնայ միջուկային հրթիռներու մակարդակին հասնիլ, նկատի առած, որ երկու երկիրներն ալ միջուկային զէնքերով զինուած են։
Երբեմն կը կատակենք ըսելով՝ «Վատ ժամանակները, լաւ ժամանակ են թատրոնի համար»։  Ամենահետին մարտահրաւէրն իսկ պէտք է դիմագրաւել, հակասութիւնները բացայայտել եւ առկայ կացութիւնները քայքայել։ Այս առումով թատերախումբս՝ «Աճոքա»ն ու ես 35 տարիներ շարունակ կտրեցինք դժուար ճանապարհ մը։ Իսկապէս դժուար էր, պահպանել հաւասարակշռութիւնը զբաղումի եւ տեղեկութիւն փոխանցելու միջեւ, անցեալէն սորվելուն ու ապագային պատրաստուելու միջեւ, ազատ ստեղծագործ միտքին եւ իշխանութիւններուն հետ բախումներ ունենալու միջեւ, ստեղծելու ընկերային երեւոյթներ քննադատող եւ նոյն ատեն նիւթական անկախութիւն վայելող թատրոն մը, հասնելու բազմութիւններուն նոյն ատեն պահելով յառաջդիմականութիւնը։ Կարելի է ըսել, որ թատրոն ստեղծողը պէտք է թէ՛ կախարդ եւ թէ աճպարար ըլլայ։
Փաքիստանի մէջ յստակ բաժանումներ կան սրբազանին ու պիղծին միջեւ։ Պիղծին համար չկայ հոգեւոր հարցուփորձի առիթ, իսկ սրբազանին համար չկայ բաց բանավէճի հաւանականութիւնը։ Իրականութեան մէջ, պահպանողական շրջանակները արուեստն ու մշակոյթը կը նկատեն սահմանը անցած երեւոյթներ, որովհետեւ անոնք սրբութիւնները «խաղ»ի կը վերածեն։ Հետեւաբար, կատարողական արուեստներու հետեւողներուն ասպարէզը եղած է արգելքներով լի ճամբայ մը։ Անոնք պարտաւոր են նախ իրենք զիրենք փաստելու, որպէս լաւ իսլամներ ու հնազանդ քաղաքացիներ, նոյն ատեն հաստատելով որ թատրոնը, պարն ու երժըշտութիւնը արտօնուած են իսլամական օրէնքներով։ Մեծ թիւով պահպանողական իսլամներ կը վարանին ընդունելու կատարողական արուեստները, հակառակ անոր, որ պարի, թատրոնի ու եարժշտութեան տարրերը գոյութիւն ունին իրենց առօրեայ կեանքերուն մէջ։ Վերջապէս կը հանդիպինք ստորգետնեայ արուեստներու, որոնք կը ջանան սուրբն ու պիղծը միասնաբար բեմ բարձրացնել։
Փաքիստաանի մէջ տիրող զինուորական իշխանութեան շրջանին, 1980-ական թուականներուն, «Աճոքա» թատրոնը հիմնուեցաւ խումբ մը երիտասարդ արուեստագէտներու կողմէն, որոնք դիմադրեցին իշխանութիւնները՝ ընկերային ու քաղաքական բովանդակութեամբ, յանդուգն եւ այլախոհ թատրոնի միջոցաւ։ Անոնք նկատեցին, որ իրենց զգացումները, բարկութիւնն ու տառապատքը այնքան լաւ ձեւով կ’արտայայտուէին սուֆիստի մը ընդմէջէն, որ ապրած է մեզմէ 300 տարի առաջ։ Այս սուֆիստը մեծ բանաստեղծ Պուլլեհ Շահն է։ «Աճոքա» թատրոնը նկատեց, որ կարելի է քաղաքականօրէն պայթուցիկ կեցուածքներ ունենալ անոր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն, մարտահրաւէր ուղղելով փտած քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւններուն։ Այդ իշխանութիւնները կրնային արգիլել կամ արտաքսել մեզ, բայց ոչ բոլորին յարգանքն ու մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Սուֆիստ բանաստեղծ մը, ինչպիսին էր Պուլլեհ Շահը։ Մենք նկատեցինք, որ անոր կեանքը, իր բանաստեղծութեան պէս տրամաթիք ու ծայրայեղ էր, որոնց պատճառով ալ իր կեանքի ընթացքին ենթարկուած էր կրօնական հալածանքի ու բանադրման։ Այն ատեն գրեցի «Պուլլեհ» թատերգութիւնս, Պուլլեհ Շահի կեանքին ու տառապանքին մասին։ Պուլլեհ, ինչպէս կոչուած է սիրող բազմութեան կողմէ ամբողջ Հարաւային Ասիոյ մէջ, Փունճապի շրջանի սուֆիստներու բանաստեղծական աւանդութիւնն է, որ կ’ընդդիմանար իր օրերու կայսրին ու փտած կրօնական իշխանութիւններուն։ Այդ աւանդութեան հետեւողները գրեցին ժողովուրդին լեզուով, ժողովուրդին ձգտումներուն մասին։ Երաժշտութեան ու պարի մէջ անոնք գտան նոր միջոցներ անմիջական կապ ստեղծելու մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ, արհամարնքով նայելով չարաշահող, միջակութիւն հանդիսացող կրօնաւորներուն։ Անոնք արհամարհեցին սեռային ու դասակարգային տարբերութիւնները եւ մեր մոլորակը նկատեցին Ամենակարողին հրաշալի ստեղծագործութիւնը։ Լահորի արուեստի խորհուրդը մերժեց թատերգութեան բնաբանը, պատճառաբանելով, թէ ան ոչ թէ թատերգութիւն մըն է, այլ՝ սովորական կենսագրական մը։ Սակայն, երբ թատերգութիւնը ներկայացուեցաւ այլ վայրի մէջ՝ Կէօթէ հաստատութենէն ներս, հանդիսատեսը տեսաւ, հասկցաւ ու գնահատեց ժողովուրդի բանաստեղծին կեանքի խորհրդանիշները։ Անոնք բանաստեղծին կեանքը երբեմն իրենց կեանքերուն հետ նոյնանման կը գտնէին, երբեմն ալ զուգահեռներ կը բացայայտէին։
Այդ օրը՝ 2001-ին, նոր տեսակի թատրոն մը ստեղծուեցաւ։ Հոգեւոր Քաուալի երաժշտութիւնը, սուֆի պարերը, ներշնչող բանաստեղծութիւններ ասմունքելը, նոյնիսկ կրօնական Զիքիր երգեցողութիւնը, բոլորը մաս կազմեցին ներկայացման։ Խումբ մը սիխեր, որոնք հոն կը գտնուէին խորհրդաժողովի մը առթիւ, ներկայ գտնուեցան ներկայացման եւ աւարտին բեմ բարձրացան գրակախառնութեամբ, համբոյրներով ու լացով շնորհաւորելու դերասաններուն։ Անոնք առաջին անգամ ըլլալով բեմի վրայ կը գտնուէին փունճապցի իսլամներու հետ, 1947-ի Հնդկաստանի բաժանումէն ի վեր, որ պատճառ դարձաւ նաեւ Փունճապ շրջանի բաժանման։ Անոնց համար Պուլլեհ Շահը հարազատ էր ինչպէս որ հարազատ էր նաեւ փունճապցի իսլամներուն, որովհետեւ սուֆիստները յաջողած էին վերանալ կրօնական եւ ընկերային սահմաններէն անդին։
Յիշատակարժան այս առաջին ներկայացումին յաջորդեց Պուլլեհ Շահի ոդիսականը Հնդկաստանի մէջ։ Այն ինչ որ սկսած էր իբր Փունճապի մէջ «Պուլլեհ» թատերգութիւնը ներկայացնելով, վերածուեցաւ ամբողջ Հնդկաստանի տարածքին ներկայացումներու շարքի մը, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը ծայրայեղ աստիճանի հասած էր եւ այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր փունճապերէնը անհասկնալի էր, սակայն հանդիսատեսները ներկայացումը գնահատեցին, որովհետեւ ան իրենց պարգեւեց գեղեցիկ պահեր։ Երբ քաղաքական երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան դռները մի առ մի կը փակուէին, թատերասրահներու դռները եւ հնդիկ թատերասէրներուն սրտերը մեր դէմ կը բացուէին։ Փունճապի հնդկական բաժնին մէջ ներկայացնելու ընթացքին էր, 2004-ին, երբ գիւղական շրջանի հազարաւոր հանդիսատեսներ գոհունակութեամբ ընդունեցին ներկայացումը։ Ներկայացումի աւարտին տարիքոտ մարդ մը մօտեցաւ մեծ սուֆիստին դերը ներկայցանող դերասանին, խնդրելով, որ օրհնէ իր հիւանդ թոռնիկը որպէսզի ան բժշկուի։ «Բայց պապաճի՛, ես Պուլլեհ Շահը չեմ, ես պարզապէս անոր դերը կը խաղամ», պատասխանեց անակնկալի եկած դերասանը, բայց ծերունին պնդեց. «Կ’աղաչեմ, թոռնիկս ծանր հիւանդ է եւ եթէ դուն աղօթես, ան պիտի բժշկուի»։ Դերասանին առաջարկեցինք իրականցնել ծերունիին փափաքը եւ ան վերջապէս օրհնեց հիւանդ երեխան։ Գոհունակ ծերունին չհեռացած, դերասանին ըսաւ. «Տղա՛ս, դուն պարզապէս դերասան մը չես, դուն վերածնած Պուլլեհ Շահն ես, անոր Աւաթարը՝ վերամարմնաւորումը»։  Յանկարծ մեզի համար թատրոնի եւ դերասանութեան նոր հասկացութիւն մը ծնաւ, ուր դերասանը կը վերածուի իր ներկայացուցած տիպարին վերամարմնաւորումը։
«Պուլլեհ» ներկայացման շրջագայութիւններու 18 տարուան ընթացքին, նմանօրինակ բազմաթիւ դէպքերու հանդիպեցանք, ուր հանդիսատեսին համար թատրոնը ոչ միայն զբաղումի կամ մտային պաշար հարստացնելու վայր էր, այլ նաեւ հոգեւոր հարստացման առիթ։ Նոյնիսկ դերասանը, որ կը խաղար Պուլլեհ Շահին դերը, ինք վերածուեցաւ սուֆիստ բանաստեղծի եւ մինչեւ օրս հրատարակած է երկու բանաստեղծական հատոր։ Ներկայացման մասնակցող դերասանները, կը հաստատեն, որ երբ բեմ կը բարձրանան Պուլլեհ Շահի հոգին կարծես իրենց հետ կ’ըլլայ  եւ զիրենք կը տանի դէպի հոգեւոր նոր բարձրունքներ։ Հնդիկ մասնագէտ մը, անդրադառնալով մեր ներկայացման գրած էր. «Երբ թատրոնը կը վերածուի սրբութեան»։
Ես աշխարհիկ մարդ եմ եւ սուֆիզմով հետաքրքրուած եմ զուտ մշակութային դիտարկումներով։ Առաւելաբար հետաքրքրուած եմ Փունճապի շրջանի սուֆիզմի կատարողկան-գեղարուեստական կողմերով, ի տարբերութիւն հանդիսատեսին, որ շատ հաւանաբ ծայրայեղ կրօնամոլ չէ, բայց խորապէս հաւատացեալ է։ Սերտելով Պուլլեհ Շահին նման պատմութիւններ, որոնք որքան շատ են մեր մշակոյթին մէջ, կարելի կ’ըլլայ կամուրջ մը ստեղծել թատրոնի գործիչին եւ անծանօթ բայց անկեղծ հանդիսատեսին միջեւ։ Միասնաբար մենք կրնանք բացայայտել թատրոնի հոգեւոր խորքերը, կառուցել կամուրջներ ներկային եւ անցեալին միջեւ, առաջնորդուելով դէպի այն ապագան որ կ’ընգրկէ բոլորը՝ հաւատացեալն ու անհաւատը, դերասանն ու ծերունին՝ իր թոռնիկով։
Ահա թէ ինչո՛ւ ձեզի հետ կը բաժնեկցիմ Պուլլեհ Շահին եւ սուֆիստական թատրոնի հետ մեր պատմութիւնը, որովհետեւ, բեմին վրայ ներկայացնելու ընթացքին, երբեմն կը տարուինք մեր թատերական փիլիսոփայութեամբ եւ մեր դերով՝ իբր ընկերային փոփոխութիւններ ներմուծողներ, այն աստիճան, որ բազմութեան մեծ մասը կը մոռնանք։ Այսօրուան մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, մենք զմեզ կը զրկենք թատրոնի հոգեւոր փորձառութենէն։ Պոռնկութեան մէջ խրուած այսօրուան աշխարհին մէջ ատելութիւնն ու բռնութիւնները կ’աւելնան, ազգեր ազգերու դէմ ելած են, հաւատացեալներ անհաւատներու դէմ կը պատերազմին, հաւաքականութիւններ ատելութիւն կը տածեն այլ հաւաքականութիւններու դէմ… Ընթացքին, երեխաներ կը մեռնին թերի սննդառութենէ, մայրեր ծննդաբերութեան ընթացքին կը մեռնին բժշկական խնամքի պակասէ, իսկ ատելութեան գաղափարաբանութիւնը իր գագաթնակէտը կ’ապրի։ Մեր մոլորակը աւելի ու աւելի կը խրուի կլիմայական ու բնութեան ապականութեան մէջ եւ կարծէք Դատաստանի Օրուան չորս ձիաւորներուն ձիերուն պայտերուն թոփիւնը հետզհետէ կը մօտենայ։ Մենք պէտք է վերականգնենք մեր հոգեւոր ուժը, պէտք է պայքարինք անտարբերութեան, թուլամորթութեան, յոռետեսութեան, ագահութեան եւ մեր մոլորակը անտեսելուն դէմ։ Թատրոնը ունի դեր մը, ազնիւ դեր մը, վերակենդանացնելու ու շարժելու մարդկութիւնը անկումէն դէպի նոր բարձրունքներ։ Ան կրնայ վերացնել բեմը, վերածելով սրբազան վայրի։
Հարաւային Ասիոյ մէջ, դերասանը բեմ չբարձրացած կը ծրի ու յարգանքով կը դպնայ անոր, հին աւանդութիւն մը, որ հոգեւորն ու մշակութայինը իրարու կը կապէ։ Ժամանակն է վերականգնելու արուեստագէտին ու հանդիսատեսին, ներկային ու անցեալին միջեւ փոխադարձ կապը։ Թատրոնը կրնայ ըլլալ սրբազան արուեստ մը, իսկ դերասանները կրնան իսկապէս ըլլալ իրենց ներկայացուցած դերերու վերամարմնաւորումները՝ Աւաթարները։ Թատրոնը դերասանական արուեստը կը բարձրացնէ դէպի հոգեւոր բարձունքներ։ Թատրոնը կարողութիւնը ունի վերածուելու խորանի, իսկ խորանը՝ կատարողական արուեստի վայրի վերածելու։
Շահիտ Նատիմ
Փաքիստան
Անգլերէնէ թարգմանեց
Յուշիկ Ղազարեան