«Երկիր».-ԱՄՆ Քոնկրեսի մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան յանձնաժողովը իր թուիթըրի էջին վրայ հրապարակած է Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցը, որուն մէջ քննադատութեան ենթարկուած է ատրպէյճանական իշխանութիւններու անօրինական գործողութիւնները` քաղաքական ընդդիմութեան հանդէպ կիրառուող մեթոտներուն համար: Ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը փորձեն պսակաձեւ ժահրը օգտագործել ընդդիմութիւնը ճնշելու համար:
Օրեր առաջ ձերբակալուած էր երկրի ընդդիմութեան առաջնորդներէն Թոֆիք Եաքուպլուն` «Ամբոխավարութեան մեղադրանքով»: Եաքուպլուի ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած էր Իլհամ Ալիեւի յայտնի ելոյթէն օրեր անց: Պաքուի բռնապետը պսակաձեւ ժահրին նուիրուած ելոյթի ընթացքին յայտարարած էր, որ երկրին մէջ կայ «Հինգերորդ շարասիւն», որ կը փորձէ օգտուիլ ստեղծուած իրավիճակէն:
Եաքուպլուի պաշտպանութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչ` պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել ընդդիմադիր գործիչը: