Պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրը դժբախտաբար դարձաւ մահաժամը բոլոր մարդկութեան։ Այսօր ամբողջ աշխարհը իր բոլոր քաղաքներով եւ բոլոր ոլոտներով՝ տնտեսական, քաղաքական, կրթական, գիտական կը պայքարին մահ սփռող Քորոնային դէմ։ Եւ այս հիւանդութիւնը այսօր Սուրիոյ մեր Հայրենիքին սահմաններուն վրայ կեցած, կ’ուզէ մեր սրտերը խոցել իր աներեւոյթ մագիլներով եւ վերջ տալով մեր կեանքին։
Սակայն այս յոռի երեւոյթը յուսահատութեան պատճառ պէտք չէ դառնայ, ոչ ալ ընկրկումի առիթ մը ըլլայ, այլ համախմբումի, բարձր կորովի եւ բարոյական քաջալերանք ներշնչելու առիթ մը պէտք է դառնայ ան։
Ինչպէս Քորոնան, նոյնպէս Միջինքը գերազանցապէս քաջալերանքի եւ վերանորոգումի առիթներ են։ Միջինքը մեր եկեղեցւոյ մէջ ծիսական յատուկ իմաստ չունի, այլ ժամանակի ընթացքին աւանդաբար փոխանցուած եւ հաստատուած է հաւատացեալներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ։ Պարզապէս յիշեցնելու, որ քառասնօրեայ պահեցողութեան կիսուն հասանք։ Բնականաբար Միջինքը առիթ մըն է, մտածելու թէ ի՞նչ ըրինք պահեցողութեան առաջին կիսուն, եւ ինչ պէտք է ընենք, կամ պէտք չէ ընենք։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ապրիլ իրեն յատուկ եւ հարազատ այն պահը, որ Միջինք կը կոչուի։ Խորհրդանշական ձեւով Միջինքը այն պահն է, ուր հաւատացեալը կ’անդրադառնայ իր կեանքի սխալ ընթացքին, ինքզինք քննելով ու սրբագրելով կը փոխէ իր կեանքը եւ վերելք կ’արձանագրէ։
Աստուածաշունչին մէջ շատ են օրինակները այս իմաստով։ Օրինակ Յովնան մարգարէն կէտ ձուկին փորին մէջ ապրեցաւ իր կեանքին «Միջինք»ը, որոշելով Աստուծոյ հետեւիլ։ նոյնպէս կարելի է յիշել Անառակ որդին, Պօղոս Առաքեալը եւ Զաքէոս Կարճահասակը, որ Քրիստոսը ճանչնալէ ետք ապրեցաւ իր կեանքին «Միջինք» եւ որոշեց հարստութեան կէսը բաժնել (Ղկ 19.8)։
Անկախ որ Քորոնան կրնայ սպանել եւ Միջինքը կրնայ կեանք փրկել, սակայն երկուքը առիթ են հաստատակամօրէն շարունակելու մեր կեանքը, որովհետեւ Քրիստոնեան պէտք է ապրի Աստուծոյ ուղղութիւնը կիզակէտ դարձնելով։ Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար է» (Ա. Կր 10.31)։ Իբրեւ հաւատացեալներ պէտք է շարունակենք մեր լեռնագնացութիւնը, Աստուծոյ կնքած ուխտին հաւատարիմ մնալով։ Քորոնան եւ Միջինքը պարզապէս հանգըրուաններ են, կայարաններ, որոնցմէ ուշ կամ կանուխ պիտի անցնինք։ Այս հանգրուանը քաջալերանքի արթնութեան եւ աւետումի օրեր են, որ հաւատքով եւ համբերութեամբ պէտք է տանինք։
Զոյգ առիթները հրաւիրող ազդակներ են։ Զգոյշ ըլլալու եւ խռովութեան չմատնուելու առիթներ են։ Որովհետեւ համաճարակներ եւ պատերազմներ պիտի պատահին, եւ այս պատճառով է որ Աւետարանը կը զգուշացնէ մեզի որ չխռովինք (Մտ 4.6)։ Ուստի մեր ապրելակերպին ուշադիր ըլլալով, վարուինք իմաստութեամբ, առանց հետեւելու ժողովուրդի եւ աշխարհի մտահոգութիւններուն, միշտ ջանանք հասկնալ թէ Աստուած ի՞նչ կ’ուզէ մեզմէ (Եփ 5.10), ըլլայ Միջինքի խորհուրդին ճամբով կամ Քորոնայի ճամբով։ Այս առիթները հոգեւոր Արթնութեան կրնան առաջնորդել, երբ Քրիստոսով դուրս ելլենք եւ գերի չդառնանք աշխարհին, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած, դուրս եկուր մեռելութենէդ, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ» (Եփ 5.14)։
Այս շրջանին մեր ժամանակը լաւագոյն ձեւով օգտագործելով աղօթենք, Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրելու մեր գործած բոլոր մեղքերուն համար։ Այս շրջանը առիթ է քննելու մեր անձերը թէ ինչ կատարած ենք մեր կեանքի ընթացքին, որ պէտք է սրբագրուի եւ աշխատինք սրբագրել։ Մեծագոյն առիթ մըն է այս շրջանը, որ մեր ընտանեկան յարաբերութիւնները ամրապնդենք եւ ընտանեկան սրբութիւնը կեանքի կոչենք։ Ընտանեկան Միջինքին խորհուրդը վերապրեցնելով, պահենք ընտանեկան սրբութիւնը։
 Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան