– Նուրիկեա՞ն…։ Ո՞վ է այս անձը,- հարց պիտի տան ինծի տասնեակ ընթերցողներ, կարդալէ ետք վերի անունը։
Գիտեմ, որ Բենիամին Նուրիկեանը մոռցուա՜ծ անուն մըն է այլեւս։  Ո՞վ կը յիշէ Նուրիկեանը այս օրերուն, մանաւանդ ո՞վ կը կարդայ զայն…։ Մինչդեռ, հայ գիրի այս նուիրեալ ու բարեհամբոյր սպասարկուն ամերիկահայ առաջին սերունդի ամենափայլուն գրողներէն մէկն էր՝ անցեալ դարու 20-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 70-ականներ։
Ես յիշեցի Խարբերդի Հիւսենիկ գիւղի արեւոտ երկնքին տակ իր աչքերը լոյսին բացած այս գաւառացի տղան, որովհետեւ իմ հին թղթապանակներուն մէջ պատահաբար գտայ երկու օրինակներ անոր խմբագրած «Նոր Գիր» եռամսեայէն։ Թուականներ՝ «Աշուն, 1943» եւ «Գարուն, 1946»։
Գրական թերթի մը երկու թիւերը, որոնք կարծէք Շահան Շահնուրի «զոյգ մը կարմիր տետրակներ»ը ըլլային…։
Զարմացա՜յ։ 1943-ը պատերազմի տարի էր։ Բ. Աշխարհամարտը դեռ կը շարունակուէր իր ամբողջ սաստկութեամբ ու քայքայիչ անդրադարձումներով։ Մինչ Նուրիկեան, ուրեմն, Նիւ Եորքի իր անկիւնէն, հրացաններու շաչիւնին եւ ռումբերու որոտումին կը հակադրէր Հայ Գիրի մեղմօրօ՜ր ձայնը։ Դեռ աւելի՛ն, ան միջոցներ գտեր էր կþերեւի, որ զինամարտի այդ փոթորկոտ ու մռայլ տարիներուն իր պարբերաթերթին թիւերը Նիւ Եորքէն ճամբայ ելլէին ու Ատլանտեան ովկիանոսը կտրելով հասնէին հեռաւոր ափեր, մինչեւ Հալէպ…։
Թէ՛ հաճոյքով եւ թէ տխրութեամբ թերթատեցի «Նոր Գիր»ի այս որակաւոր թիւերը, որովհետեւ նախ զգացի պարբերաթերթին էջերէն փոխանցուող տոհմիկ տաքուկ շունչ մը (որ կազդուրեց զիս), ապա սկսայ մտածել հին սերունդի մեր գրողներուն անօրինակ զոհողութեան ու աներեր հաւատքին վրայ։ Դիւրի՞ն էր Բենիամին Նուրիկեանի գործը՝ երբ ան 1939-1954, լման 16 տարի, Նիւ Եորքի նման մեծ քաղաքի մը մէջ,  բոլորովին առանձինն, իր սեփական միջոցներով խմբագրեց ու հրատարակեց զուտ գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած այս հանդէսը։
Այսօր, ո՞վ կը համարձակի կատարել այդպիսի խենթութիւն մը…։ Ո՞վ կը յանդգնի միայնակ դիեցնել գրական պարբերաթերթ մը՝ գորովալից մօր մը պէս։
Պէտք չէ մոռնալ անշուշտ, որ այդ տարիներուն ամերիկահայ գաղութը դեռ հայախօս էր լայն չափով։ Գիր-գրականութեան հանդէպ առկայ էր որոշ հետաքրքրութիւն մը. բազմաթիւ հայերէն թերթեր կը հրատարակուէին մա՛նաւանդ Ամերիկայի արեւելեան ափին.- կար Պոսթընի նշանաւոր «Հայրենիք» ամսագիրը, կային «Հայրենիք» ու «Պայքար» օրաթերթերը, դեռ ողջ էին հայ աւետարանականներու «Հայաստանի Կոչնակ»ն ու հնչակեաններու «Երիտասարդ Հայաստան»ը, ողջ էր Սամուէլ Թումայեանի «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթը, Նիւ Եորքի Ազգ. Առաջնորդարանը կը շարունակէր հրատարակել «Հայաստանեայց Եկեղեցի» ամսաթերթը եւ այլն։ Կային նաեւ հայերէնով ստեղծագործող մեծաթիւ գրողներ (Համաստեղ, Արամ Հայկազ, Վահէ Հայկ, Սուրէն Մանուէլեան, Յակոբ Ասատուրեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Ալեք Գլըճեան, Ա. Արփինէ, Յովհաննէս Աւագեան, Հեղինէ Դաւիթեան, Միհրդատ Թիրեաքեան, Յակոբ Անտոնեան, Վահրամ Տատրեան, Կարապետ Սիտալ եւ այլն, եւ այլն)։
Բենիամին Նուրիկեանի զոյգ մը «Նոր Գիր»երը իմ ափին մէջ մնացին աւելի քան երկու ժամ…
* * *
Կը սկսիմ մի առ մի դարձնել էջերը «Նոր Գիր»ին։ «Գիր»ը՝ ինքնին, «նոր» չէ անշուշտ,- 1600-ամեայ Հայոց Այբուբենին մեզի այնքա՜ն սիրելի 38 գիրերն են, Մեսրոպեան տառե՛րը, որոնք ակնախտիղ պերճութեամբ փռուած են պարբերաթերթին մէկ ծայրէն միւսը։
«Նոր»ը, կամ աւելի ճշգրտօրէն՝ նորոգականը, գրութիւննե՛րն են, բայց նաեւ՝ ատոնց ընդմէջէն ցոլացող տոհմիկ շունչն ու քաղցրիկ բարբառը, որ զուլալ արեւմտահայերէնն է։
Միշտ երանութեամբ ու կարօտի զգացումներով է որ թերթատած եմ հայ մամուլի հին հաւաքածոները՝ 30-ական թուականներու հին «Բազմավէպ»երը,  50-ական թուականներու հին «Նայիրի»ները, 60-ական թուականներու հին «Սփիւռք»ները, հին «Բագին»ներն ու «Շիրակ»ները, հին «Հասկ»երն ու Չօպանեանի «Անահիտ»ները։ Ճիշդ է որ խունացած են անոնց էջերը, սակայն թարմ ու առոյգ է հոն գործածուած լեզուն, պատկերաւոր ու առինքնող է ոճը անոնց պատկառելի խմբագիրներուն՝ բաղդատաբար ինծի ժամանակակից հայատառ այսօրուան մամուլին։
Կանգ կþառնեմ կարգաւ աշխատակիցներու անուններուն վրայ։  1943-ի թիւին մէջ իրենց ստորագրութիւնը դրեր են Սուրէն Մանուէլեան, Վահրամ Սօֆեան, Յովհաննէս Աւագեան, Արիս Շաքլեան (Դամասկոսէն) եւ Բ. Նուրիկեան (տեղ մը՝ հարազատ անուն-մականունով, այլ տեղ մը՝ Մենաւոր ծածկանունով)։ Ոմանք հանդէս եկեր են արձակ գրութիւններով, ոմանք՝ չափածոյ ստեղծագործութիւններով։ Թիւին առանձին մէկ գլուխին տակ հիւրընկալուեր են Խորհ. Հայաստանէն շարք մը գրողներ՝ «պատերազմական գրականութենէն արժէքաւոր նմոյշներով», ինչպէս կը նշուի  պարբերաթերթին մայր կողքին վրայ։
Այո՛, այդ տարիներուն «պատերազմական գրականութիւն»ը Հայաստանի մէջ կը գտնուէր իր բարձրակէտին վրայ, որովհետեւ մեր գրողներէն շատ-շատեր ճակատ մեկներ էին՝ Հայրենական Մեծ Պատերազմին մասնակցելու համար։ Տուն վերադառնալէ ետք՝ անոնք մշակեր էին վեցամեայ պատերազմին ձօնուած իւրայատուկ գրականութիւն մը։ Զորօրինակ, Սերօ Խանզադեանի (1915-1998) երկու վէպերը՝ «Մեր Գնդի Մարդիկ»ն ու «Երեք Տարի 291 օր»ը, կու գան այդ շրջանէն։ Նմանապէս, արձակագիր Քրիստափոր Թափալցեան (1910-1967) գրի առած ու հրատարակած էր «Պատերազմ» խորագրով ընդարձակածաւալ վէպ մը՝ 2600 էջերով ու 4 հաստափոր հատորներով…։
«Նոր Գիր»-ի այս նոյն թիւին մէջ՝ Ակնայ Բինկեան գիւղէն գրականագէտ Յովհաննէս Աւագեանն ալ կը ստիպէ զիս, որ կանգ առնեմ իր գրութեան վրայ։ Աւագեան ամերիկաբնակ էր։ Ան գրադատական յօդուած մը ստորագրած է Յակոբ Օշականի «Հայ Գրականութիւն» մեծղի դասագիրքին մասին, որ լոյս ընծայուած էր այդ օրերուն, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց տպարանէն։ Աւագեան բաւական խիստ լեզու մը կը գործածէ Օշականի հանդէպ, կը հակաճառէ անոր կարգ մը դատումներուն կամ գրական տարակուսելի վճիռներուն, կը մատնանշէ դասագրքին մէջ երեւցող շարք մը թերիներ կամ բացթողումներ, սակայն միաժամանակ նկատել կու տայ, որ մեծանուն քննադատը իր այս դպրոցական հաւաքածոյին մէջ զգալի բարեշրջութիւն մը ցոյց տուած է՝ աւելի մեղմ ու բարեացակամ վարուելով անցեալին ի՛ր իսկ կողմէ դատափետուած կարգ մը գրողներու (Լ. Շանթ, Չօպանեան եւ այլք) վաստակին նկատմամբ։ Ամէն պարագայի, Աւագեան կը հաստատէ որ Օշականի այս գործը «արժէքաւոր երկ մըն է, որ իր վրայ կը կրէ անխոնջ աշխատութեան, խոր մտածողութեան եւ ճոխ հմտութեան կնիքը»։
Պարբերաթերթին միւս՝ 1946-ի թիւը, որ յետպատերազմեան թիւ մըն է, իր կողքի շապիկին վրայ ունի Կոմիտաս վարդապետի մէկ լուսանկարը՝ փակեղը գլխուն։ Ներսի էջերուն մէջ ալ հայ երաժշտութեան մեծ քուրմին մասին ծաւալուն եւ հիւթեղ գրութիւն մը ունի ամերիկահայ վիպագիր Յակոբ Յ. Ասատուրեան (1903-2003), որ Կոմիտասեան երգերու մեկնաբան ու հմուտ վերլուծող մըն էր միաժամանակ։
Քերթուածներ ունին Սարգիս Սահակեան, Վահրամ Սօֆեան, Խաչիկ Մարկոսեան, Զարեհ Մելքոնեան եւ Սմբատ Տէրունեան (Կիպրոսէն), արձակ էջեր՝ Արամ Ազնաւուրեան (Տիթրօյթ), Հեղինէ Դաւիթեան, Սահակ Պալըգճեան եւ Յ. Օշական։ Իբրեւ շարունակելի թղթածրար՝ հրապարակուած է փունջ մը Վահան Թէքէեանի այն նշանաւոր նամակներէն, զորս ուղղած էր ան Ամերիկա մեկնած իր «հոգեզաւակ»ին՝ Զաւէն Սիւրմէլեանին։
«Նոր Գիր»ը տեղ տուած է Բենիամին Նուրիկեանի ուղղեալ նամակի մըն ալ, որ ստորագրուած է փարիզաբնակ խմբագիր, գրող եւ Նուպարեան մատենադարանի բազմամեայ տնօրէն Արամ Անտոնեանի (1875-1952) կողմէ։ Նամակը բաւական երկար է, գրուած է 1945 Սեպտեմբերին (պատերազմի աւարտէն ետք), ունի տեղեկատուական բնոյթ ու խիստ հետաքրքրական է՝ քանի մը առումներով։
Ինչի՞ մասին կը խօսի Արամ Անտոնեան՝ Պալքանեան պատերազմի պատմագիրն ու «Այն Սեւ Օրերուն» յուշագրութեան ծանօթ հեղինակը։
Ան նախ մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ֆրանսահայ գաղութի գրահրատարակչական իրագործումներուն մասին, որոնք ուղղակի շշմեցուցիչ են…։ Ճիշդ է, որ պատերազմի շրջանին մահացեր են Տիգրան Կամսարականի, Լեւոն Բաշալեանի, բժ. Վահրամ Թորգոմեանի, Վահրամ Թաթուլի, Մերուժան Պարսամեանի կամ Ա. Սեմայի (Գեղամ Աթմաճեան) նման ֆրանսաբնակ գրչի սպասարկուներ, սակայն նոյն այդ տարիներուն Փարիզի մէջ հրատարակուեր են աւելի քան 60 (սխալ չկարդացիք՝ վաթսո՛ւն) հայերէն նոր գիրքեր…։
Բայց ինչպէ՞ս։ Չէ՞ որ Փարիզը գրաւուած էր Հիթլերի գերման բանակներուն կողմէ ու տպարանները ենթակայ էին Կեսթափոյի ամենախիստ գրաքննութեան։
Մերինները ճարպիկօրէն գտե՛ր են ելքի ճամբան…։ Կարդա՛նք Անտոնեանի նամակը.
– Վերոյիշեալ վաթսուն հայերէն գիրքերը տպուեցան գերմաններէն գաղտնի, սեւ շուկայէն շատ սուղ գնուած թուղթերով։ Հրատարակիչները մէ՛կ զգուշութիւն միայն կþընէին՝ թուական չէին դներ տպուած գիրքերուն վրայ, եւ այս կերպով բոլորն ալ անցան գերման ոստիկանութեան քիթին տակէն…։
Ու Արամ Անտոնեան կը թուէ այդ նորատիպ գիրքերէն խառնիխուռն անուններ.- Չօպանեանի «Հայրէններու Բուրաստան»ը, Լ. Բաշալեանի «Նորավէպեր Ու Պատմուածքներ»ը, Արմենակ Սագըզեանի «Հայ Արուեստի Էջեր»ը (Ֆրանսերէն), հատոր մը՝ Երուխանէն, չորս նոր հատորներ՝ Շաւարշ Նարդունիէն, վէպեր՝ Լեւոն Մեսրոպէն, Զարուհի Պահրիէն եւ Էլլէն Բիւզանդէն, պատմուածքներու հատոր մը՝ Պետրոս Զարոյեանէն, երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանէն «Լուլուտի»ն եւ «Հայ Աղբրտիք»ը, բանասէր Տիգրան Չիթունիի աւելի քան հազար էջանի «Սասունական»ը, Ղեւոնդ Մելոյեանի «Վասպուրականի Հերոսամարտը», եւ դեռ՝ Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրութեամբ «Հայկաշէն» ու «Արածանի» պարբերագիրքերը (նկատի ունենալ որ «Յառաջ» օրաթերթը դադրած էր գերմանական գրաւման ամբողջ տեւողութեան), Հրանդ Բալուեանի խմբագրած «Զուարթնոց» հանդէսէն ստուար թիւ մը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծական ու այլ բնոյթի մեծ ու փոքր գործեր։
Անտոնեան կը հաւաստիացնէ, որ լոյս ընծայուած այս գիրքերը ընդհանրապէս ունեցան լայն սպառում՝ փոխարինելով Ֆրանսահայ թերթերը, որոնք չհրատարակուեցան պատերազմի ընթացքին։ Կարելի եղաւ մնայուն կապեր հաստատել Վիեննայի Մխիթարեան վանքին հետ ու հոնկէ եւս ներածել մեծաքանակ գիրքեր. մա՛նաւանդ՝«Ազգային Մատենադարան» շարքի պատմաբանասիրական հարիւրաւոր գիրքերէն «բազմաթիւ ամբողջական հաւաքածոներ բերուեցան Փարիզ ու սպառեցան օրը օրին»…։
(Շարունակելի -1)
Լեւոն Շառոյեան