Պսակաձեւ ժահր կամ Virus Corona, մինչեւ վերջերս մարդկութեան համար ոչինչ նշանակող այս անունը դարձած է եօթհազարամեայ մարդկային քաղաքակրթութիւնը ի դերեւ հանող գոյացութիւն։ Ժահրը,և ըլլայ ան բնածին, թէ արհեստական,և այսօր դուրս է մարդ արարածի վերահսկողութենէն եւ յստակ չէ, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ կանգ կ’առնէ։ Համամարդկային չարիքի վերածուած այս համաճարակը բացայայտեց մարդկութեան անզօրութիւնը որեւէ աներեւոյթ չարիք դիմագրաւելու, այն պարագային, երբ մարդիկ լծուած են միմեանց հանդէպ դաւեր հիւսելու, միմեանց կողոպտելու, խաբելու եւ միմեանց ոչնչացնելու գործին։ Սակայն շնորհիւ այս աներեւոյթ գոյացութեան մարդիկ վերածուած են անզօր, անօգնական եւ փխրուն էակներու, որոնք կարօտ են գութի եւ կարեկցանքի։
Իսկ ո՞ւր են մոլորակի եօթը գերհզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիրները իրենց «անսահման» կարողութիւններով։ Ո՞ւր են աշխարհի զարգացած ու յառաջադէմ՝ Եւրոպան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը, Ճափոնը եւ այլն։ Ո՞ւր են անոնց գիտահետազօտական, արհեստագիտական եւ այլ հիմնարկները իրենց արդիական սարքաւորումներով, գիտական աշխատակազմերով։ Ներկայիս Միացեալ թագաւորութեան թագուհի Էլիզապէթն ու վարչապետ Պորիս Ճոնսընը քարանթինի նստած են։ Ճոնսոն իր մեկուսացուած վայրէն դիմելով ժողովուրդին կոչ կ’ուղղէ ըսելով՝ ձեր հարազատներուն եւ միմեանց հրաժեշտ տուէ՛ք։
Անդին ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան փակած են իրենց օդային տարածքները օդանաւային երթեւեկութեան դիմաց։
Առաջին անգամ պատմութեան մէջ քսան գերտէրութիւններ իրենց ժողովը առ ցանց կը գումարեն։ Համայն աշխարհը կաթուածահար պատկեր կը պարզէ՝ առկախուած են միջազգային մարզական մեծ մրցաշարքեր, թատերական ու շարժապատկերային ներկայացումներ։ Զանց առնուած են համերգային ու ժամանցային միջոցառումներ։ Երկար ժամանակէ ի վեր փակ են դպրոցներու, համալսարաններու եւ այլ կրթական օճախներու դռները։ Կաթուածահար վիճակի մէջ են երկաթուղային կայարանները, օդակայանները, մարդատար եւ բերնատար երթեւեկութեան միջոցները։
Համաշխարհային տնտեսութիւնը արագընթաց քայլերով դէպի փակուղի կ’ընթանայ։ 1926 թուականի տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամը գերազանցող տնտեսական ճգնաժամի ակնկալիքը բաւական աղէտալի պատկեր մը կը գոյացնէ։ Արդիւնաբերութեան աճի դանդաղումը, որուն հետեւանքով վառելանիւթի եւ այլ մետաղական հանածոներու գիներու անկումը աւելի կը խորացնեն տնտեսական ճգնաժամը։ Երկիրներու մէջ համընդահնուր քարանթինի պատճառով գործարաններու դռները փակ են, գործատէրերը՝ սնանկացման եզրին, իսկ բանուորներու պետական փոխհատուցման ակնկալիքները՝ առկախուած։
Հաւատքի տուները, սրբավայրերը եւ պաշտամունքային այլ հաստատութիւնները փակ են հաւատացեալներու դիմաց՝ Հռոմէն, մինչեւ Երուսաղէմ, Մէքքայէն մինչեւ Թաճ-մահալ։ Պահը օրհասական է, իսկ մարդիկ ապշահար՝ ձեռնուիլը արգիլուած եւ համբուրուիլը՝ ոճիր։ Հաւաքները մահաբեր են, իսկ ինքնամեկուսացումը գնահատելի։ Աշխատանքը անմտութիւն է, իսկ ծուլութիւնն ու անգործութիւնը խրախուսելի։
Եւ այս բոլորը ո՛չ թէ մոլորակի վրայ հիւլէական կամ քիմիական պատերազմի, կամ այլ մոլորակային յարձակման հետեւանք են, այլ մարդկային սովորական, անզէն աչքին անտեսանելի ժահրի մը կողմէ ինքնադրսեւորման հետեւանք է։ Ժահր, որուն դիմաց անզօր են «ամենազօր» երկիրներու գերզգայուն ալեհաւաք սարքաւորումները որսալու, գերարդիական թնդանօթները չէզոքացնելու, ալեհաւաքներու կողմէ անտեսանելի օդանաւերը ոչնչացնելու համակարգերը։ Ժահր, որուն դիմաց մարդկային բոլոր տեսակի զէնքերը կը վերածուին մետաղական ջարթօնի։
Ցեղային, կրօնական, դաւանանքային պատերազմներու, երկու աշխարհամարտերու, պաղ պատերազմի եւ այլ ձեւի հակամարտութիւններու աղբիւր հանդիսացող մարդկային ագահութիւնը արդեօ՞ք սահմաններ չունի ու մարդկութիւնը ինքնակործանման պիտի հասցնէ, թէ ի վերջոյ մարդկային առողջ բանականութիւնը սահման պիտի դնէ իր այդ անզուսպ կիրքին։
Պահը օրհասական է։ Յուսանք, որ մարդկութեան պատուհասած այս սարսափելի աղէտը առիթ կը հանդիսանայ մարդ էակին ինքզինք վերաքննելու եւ իր վայելած բարիքները վերագնահատելու ու ինքնակործանման իր ընթացքէն ետ պահելու համար։