3 Ապրիլին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ ՀՅԴ ընտրական շտապներու պատասխանատուները:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ-ի գրանցած արդիւնքները, ընտրութիւններու ընթացքին նկատուած թերութիւնները եւ միտքեր  փոխանակուած են 14 Ապրիլին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասին:

Աւելցնենք, որ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասին  ՀՅԴ-ն իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ յառաջիկայ օրերուն: