Հալէպի ճարտարարուեստի պալատի տնօրէն Ֆարէս Շահապին 3 Ապրիլին յայտարարեց, որ տեղական ուժերով ճարտարարուեստի պալատը նախաձեռնած է պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն բուժման համար օգտագործուող արուեստական շնչառութեան կազմածներու արտադրութեան:

Աշխատանքի պատասխանատու մարմինը յայտնած է, որ պատրաստուած կազմածները ցարդ փորձառական շրջանի մէջ են եւ որոշ բժշկական սերտողութիւններէ  ետք գործարկութեան պիտի դրուին։