Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ դռնփակ յիշատակուեցաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին ցնծալի տօնը, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։
Պատարագը ամբողջութեամբ սփռեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնական կայքէջը։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին։ Իր քարոզին մէջ ան ըսաւ . «Այսօր Հակառակ անոր որ մեր եկեղեցիները դռնփակ արարողութիւններ կը կատարեն, սակայն այդ մէկը մեզի չէ վհատեցուցած։ Կը շարունակենք ցնծութեամբ տօնել, որպէս Քրիստոսի որդիներ, ուրախանալ յիշատակելով Քրիստոսի յաղթական մուտքին տօնը երուսաղէմ։ Չենք դադրած աղօթելէ, կ՚աղօթենք կառչելով մեր հաւատքին։ Այս Սուրբ Խորանէն Ճեզիրէի ամբողջ հայութեան աղօթքները կու գան միանալու մեր աղօթքներուն եւ մեր աղօթքները կ՚երթան միանալու հոգեւոր բոլոր եղբայրներու աղօթքին, ապա մեր աղօթքները կը միանան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին աղօթքին եւ աղօթքի այս ամբողջ փունջը կու գանք ներկայացնել Աստուծոյ զոհասեղանին։ Ինք կը սպասէ մեր աղօթքներուն եւ ընծաներուն»։
Ապա տեղի ունեցաւ օրհնութիւնը ձիթենիի ճիւղերուն, որոնք պատրաստուած էին Եկեղեցասիրաց Տիկնաց կազմին կողմէ։

Պատարագի աւարտին, Ծաղկազարդի շարականներու երգեցողութեամբ եւ Անթիլիասի զոյգ զանգերու ղօղանջէն ետք, ակումբի տղաքը յատուկ տոպրակներու մէջ տեղադրուած ձիթենիի ճիւղերը
ինքնաշարժներով հայաբնակ թաղամասեր տարին ու բաշխեցին ժողովուրդին։ Հաւատացեալները գոհունակութեամբ ընդունեցին օրհնուած ճիւղերը եւ աղօթեցին խաղաղութիւն հայցելով Աստուծմէ։

Եկեղեցւոյ մէջ, Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Դռնբացէք»ի արարողութիւն։ Հայր սուրբը եւ քահանայ հայրը փակեալ խորանին առջեւ ծնկաչոք «Բաց մեզ, Տէ՜ր» շարականը երգեցին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն