«Արմէնփրէս».- ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան հաղորդած է, որ ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը աստիճանաբար կ’աւելցնէ պսակաձեւ ժահրի ախտորոշման հետազօտութիւններ իրականացնելու համար կենսաանվտանգութեան չափանիշներուն համապատասխանող տարրալուծարաններու թիւը, որուն նպատակն է աւելի շատ օրինակներ հետազօտել:

«Մինչ օրս աւելի քան 4000 հետազօտութիւն իրականացուած է: Այսպիսի հետազօտութիւններ իրականացնելու համար կենսաանվտանգութեան չափանիշներուն համապատասխանող տարրալուծարաններու թիւը մեր կողմէն աստիճանաբար կ’աւելցուի, որպէսզի կարենանք աւելի շատ նմոյշներ հետազօտել», տեղեկացուցած է Արսէն Թորոսեան: