Պսակաձեւ ժահրը որքա՜ն արագ մեր առօրեայէն ներս խուժեց, ասուպային արագութեամբ մեր զրոյցներուն գլխաւոր նիւթը դարձաւ: Աներեւոյթ ժահր մը իր հետ բերաւ երեւելի պատուհասներ, աննախադէպ իրավիճակներ յառաջացուց, ասոնց կողքին նաեւ կեանքը նոր ձեւով ընկալելու եւ ապրելու ըմբռնում մը կազմաւորեց:
«Տունը մնանք» կոչով տուն նստաւ ողջ աշխարհը, հլու, հնազանդ, առանց առարկելու: Կրնայի՞ք պատկերացնել մարդիկը այսքան հնազանդ դարձնելու այլ ձեւ մը: Ահարկու պատերազմներն անգամ այսքան սարսափի չէին մատնած բոլորս: Ռումբերուն տակ կը ճեմէինք առանց վախի, վարժուած ըլլալով կացութեան, ամէնէն վատ պարագային մօտակայ ապաստանարան մը մեզ կրնար փրկել ինկող ռումբերէն:
Մարդկութիւնը որքան ալ դժգոհի տիրող կացութենէն, շուտով կը փորձէ համակերպիլ անոր: Երբեմն պարզ նիւթերու, գաղափարներու կամ գործելաձեւի մէջ անգամ տարակարծիք կ’ըլլանք, կը վիճինք, հարցերու լուծման տարբերակներ կ’առաջարկենք, այս ժահրը սակայն, գոնէ մէկ հարցի շուրջ, բոլորս միատեղ մտածելու կ’առաջնորդէ:
Համացանցը այս օրերուն համար պատրաստուած էր հաւանաբար: Ան էր, որ հասաւ օգնութեան՝ ամոքելու ձանձրոյթէն լլկումի ուղղուող 21-րդ դարու հասարակութիւնը:
Համացանցը առանց յապաղումի նորարարութեան մղեց մեզ, սակայն ոմանք դժուարացան որդեգրելու նոր ձեւով ապրելու, գործելու, փոփոխութեանց արձագանգելու այս ձեւը:
Շատ մը ծրագիրներ համացանցով շարունակուեցան: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսուցման ընթացքը չկասեցնելու միտումով անյապաղ ի գործ դրուեցաւ առցանց դասաւանդումը: Յառաջացած երկիրներու մէջ այս տարբերակը սովորական դարձած էր արդէն: Սակայն երբ փորձեցինք մեր իրականութեան մէջ ներառել զայն՝ ինչե՜ր ի յայտ եկան:
Աւանդութիւնները պահող եւ դասական ընթացքով դասաւանդութիւնը շարունակող ուսուցիչներ բաւական դժուարութեանց դէմ կանգնեցան: Կարգ մը ուսուցիչներ նորարարութեան յարմարելու ընդունակ ըլլալով շուտով համակերպեցան:
Թէեւ բոլորն ալ տագնապեցան, բոլորն ալ ձեւեր որոնեցին աշակերտին գիտելիքը այլ ձեւերով մատուցելու համար, սակայն ոմանք դժգոհեցան, որովհետեւ չէին կրնար քայլ պահել, ուրիշներ ալ նոր միտքեր յղացան:
Ծնողներն ալ իրենց կարգին դժուարութիւններ ունեցան, անշուշտ, որովհետեւ պատրաստուածութեան պակասն էր, որ բաց օղակ մը կը յառաջացնէր անոնց եւ նոր գործելաոճին միջեւ:
Նոյնն էր պարագան այլ բնագաւառներու մէջ:
Երաժշտական դպրոցներ, մարզական միութիւններ, կիրակնօրեայ դպրոցներ սկսան իրենց գործունէութիւնները առցանց ներկայացնել:
Դիմատետրի էջերը ողողուեցան տարբեր տեսերիզներով: Դառնալով ձիրքերու եւ տաղանդներու յայտնաբերման հարթակ:
Աղէտը համաշխարհային տարողութիւն ունենալով, համաշխարհային հակադարձութեան գործելաոճ մը ծնունդ առաւ: Աշխարհի մէջ նշանաւոր համալսարաններ սկսան տարբեր ասպարէզներու մէջ անվճար դասընթացքներ տրամադրել նաեւ:
Շարքը երկարեցաւ…
Թանգարաններ սկսան առցանց այցելուներ ընդունիլ, գրադարաններ իրենց հարիւրաւոր գիրքերը բաց յայտարարեցին ընթերցողներուն, մանկական հեքիաթներու ձայնագրուած պատումներ տրամադրուիլ սկսան, մեներգներ, համոյթներ, եթերազրոյցներ, կրօնական պատգամներ եւ այլն, բոլորը բաց համակարգի վրայ, հասանելի է բոլորին:
Այս բոլորը որքան ալ հրապուրիչ եւ ազդու ըլլան, սակայն, մարդկային յարաբերութիւններուն, ընկերային հաւաքներուն, դէմ առ դէմ նստած գաղափարներ փոխանակելուն եւ ուսուցիչ-աշակերտի միջեւ կենդանի յարաբերութեան համն ու հոտը չեն կրնար տալ:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան