ՍՕ Խաչի Լաթաքիոյ «Շուշի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի համավարակն ու ներկայ տնտեսական դժուար պայմանները, երկու օրերու տեւողութեան՝ Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Ապրիլ 2020-ին, իր կեդրոնէն ներս 75 ընտանիքներու սննդակողով բաշխեց, գէթ մասամբ նպաստելու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման։