Որքան ալ որոշեմ հետեւիլ այն հին ու նոր կոչին որ կ’ըսէ, թէ 24 Ապրիլը պայքարի օր է, սակայն իմ կարծիքով Ապրիլ ամիսը միշտ ալ կը մնայ մեր չսպիացած վէրքերուն վերաբորբոքումին ամիսը։
Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել մեզ երկինքէն դիտող սուրբ ու անմեղ նահատակներուն մասին, նուազագոյնը այս մէկ օրուան ընթացքին, առանց սգալու մեր ազգի ամէնէն մեծ աղէտը։
Ինչպէ՞ս կարելի է չյիշել վերապրածները, որոնք ազատած էին թուրքին բարբարոսութիւններէն, այն մամիկներն ու պապիկները, որոնք ցեղասպանութեան կսկիծը յաւիտեանս առկայծ պահած իրենց սրտերուն մէջ՝  ապրեցան: Անոնք նոյնիսկ կը դժուարանային պատմել ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց տեսած ու ապրած անբուժելի վիշտերը ու այդ ցաւերով ալ հեռացան այս աշխարհէն…
Երբ հանդիպիմ նախորդ տարիներու ընթացքին ցեղասպանութեան մասին գրուած էջերու, կը նկատեմ, որ մենք քայլ մը առաջ ենք արդէն: Որովհետեւ մեր մէջ արմատաւորուած է մեր նահատակներուն եւ հողին կանչը, մենք քաջ գիտենք, որ մե՛ր հիմնական պարտքն է մեր դատը ճանչցնել տալ ամբողջ աշխարհին եւ սերունդէ-սերունդ պահանջել մեզմէ խլուած իրաւունքները, առանց ընկրկումի ու զիջումի, մինչեւ որ հասնինք մեր սուրբ նպատակին, վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն եւ տարիներու մեր կորուստները վերականգնել սկսինք քայլ առ քայլ։
Ի զուր չէին Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու տարիներու աշխատանքները, հարիւրաւոր արաբներէն հրատարակութիւնները, ի զուր չէր պատմաբան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ մեր բոլոր հայ երեսփոխաններուն նկրտումները: Վերջապէս արդարութիւնը ճամբայ գտաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտաւ, սուրիացի նորահաս սերունդները իրազեկ դարձնելու ճշմարտութեան։ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը վկայութիւն մըն է, որ մեր դատը քայլ առ քայլ յառաջխաղացք կ’արձանագրէ։
Մեր պարտքն է լեռներ շարժող հաւատքով շարունակել մեր հերոս ֆետայիներուն սուրբ առաքելութիւնը։
Թող որ տարուան 364 օրերը ըլլան պայքարի օրեր։ Ապրիլ 24-ը ե՛ւ մեր սուգը, ե՛ւ պայքարը խորհրդանշող օր է։
Մարմանդ Աշոտեան