Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2020-ին տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ սուրիական կառավարութիւնը յառաջիկայ 21 Յունիս 2020-ը ճշդեց որպէս միջնակարգի պրովէ եւ երկրորդականի պաքալորիա կարգերու պետական քննութիւններու թուական։
Կառավարութիւնը յայտնեց, որ այս տարի երկրորդ փուլի քննութիւն տեղի պիտի չունենայ, առ ի նախազգուշացում պսակաձեւ ժահրի տարածումէն։