«Ապառաժ».-28 Ապրիլին, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան հանդիպում ունեցած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԱԺԿ) նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Արդարութիւն կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Վիտալի Բալասանեանին հետ:
Եռակողմ հանդիպումի քննարկումի նիւթ դարձած են Արցախի հիմնահարցի շուրջ զարգացող գործընթացները եւ այդ թեմայով քաղաքական ուժերու կողմէն միտքեր փոխանակելու կարելիութիւն ստեղծելու հարցերը:
Կողմերը համաձայնած են յառաջիկային շարունակել խորհրդատուութիւնները: