«Ապառաժ».-Նախքան շրջանառութեան մէջ դրուած քանի մը օրինագիծերու քննութիւն կատարելը, Արցախի Հանրապետութեան (այսուհետեւ՝ ԱՀ) Նախագահ Բակօ Սահակեան Ազգային ժողովի նիստին ԱՀ Նախագահի 2019 թուականի ծրագիրին կատարման ընթացքին ու արդիւնքներուն եւ 2020 թուականի Յունուարէն մինչեւ ԱՀ Նախագահի լիազօրութիւններու աւարտը ծրագիրին կատարման մասին հաղորդումով հանդէս եկած է:

Բակօ Սահակեան ներկայացուցած է իրականացած աշխատանքը` ըստ առանձին ուղղութիւններու, եւ յայտնած է, որ 2019 թուականին հանրապետութեան կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտներէն ներս իրականացած է լայնածաւալ աշխատանք, արձանագրուած են դրական ցուցանիշեր եւ կայուն յառաջընթաց ապահովուած է, որուն կարեւորագոյն ցուցանիշերէն է 10,3 տոկոս տնտեսական աճը:
Զեկոյցի եզրափակիչ մասով նախագահ Սահակեան անդրադարձած է իր պաշտօնավարման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան զարգացման շարք մը հիմնական ցուցանիշերուն:
Ամէնամեայ գործունէութեան ծրագիրին մասին հարցադրումով հանդէս եկած Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Պալայեան վեր առած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան հարցը, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն ներկայացուցած է կարգաւորման փուլային տարբերակ ենթադրող նախագիծ:
Պատասխանելով հարցումին, Սահակեան դիտել տուած է, որ բանակցային սեղանին վրայ քննարկուող փաստաթուղթ չկայ, սակայն Արցախի իշխանութիւնները դիւանագիտական ջանքեր ի գործ պիտի դնեն եւ շարունակեն գործակցութիւնը համազգային ճակատի վրայ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններու հետ:
Աւելցնենք, որ գործող խորհրդարանը լիազօրութիւնները պիտի դադրեցնէ 21 Մայիսին: