«Արմէնփրէս».- Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ 29 Ապրիլին տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հեռաձայնային զրոյցը Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային գործակցութեան նախարար Լուիճի Տի Մայոյի հետ:
«Հայաստանի ԱԳ նախարարը հայ ժողովուրդի եւ ՀՀ կառավարութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց Իտալիոյ բարեկամ ժողովուրդին` համավարակի հետեւանքով մարտահրաւէրները արդիւնաւէտ կերպով հասցէագրելուն եւ շուտափոյթ կերպով յաղթահարելուն համար:
Նախարար Մնացականեան իր իտալացի գործընկերոջ ներկայացուց պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման եւ ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման առնչուող ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը եւ իրականացուող ծրագիրները:
Համավարակի դէմ պայքարին եւ անոր հետեւանքներուն վերացման համար ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակեցին միջազգային գործակցութեան նոր նախաձեռնութիւններուն շուրջ:
Անդրադառնալով երկկողմ օրակարգի հարցերուն, ԱԳ նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստան առանձնապէս նշանակութիւն կու տայ հայ-իտալական քաղաքակրթական ընդհանուր արժէքներուն վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացումին: Արտաքին գործոց նախարարները դրական գնահատեցին Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը: Ընդգծուեցան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներէն ներս գործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման քայլերը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակին», ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: