Զարմանքով ընթերցեցինք մամուլի տարբեր աղբիւրներու մէջ զետեղուած` Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ելոյթը, ուր յայտնած էր , թէ արտերկիր երթալով ու սփիւռքի համայնքներ այցելելով հայրենադարձութիւն խթանելը իրենց համար առաջնային հարց չէ» (մէջբերումը «Առաւօտ»֊էն), եւ կամ` «Ես պէտք է ըսեմ, որ մենք պատրաստ չենք զանգուածային հայրենադարձութեան: Եթէ նման բան տեղի ունենայ, եկէք անկեղծ ըլլանք` մենք անոր պարզապէս պատրաստ չենք» (Սինանեանի խօսքի մէջբերումը` դարձեալ «Առաւօտ»-էն): Մենք սպասեցինք այս լուրին հերքումը, կամ որեւէ այլ պարզաբանումը, սակայն տեղի չունեցաւ: Հետեւաբար, որպէս Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակ, պարտաւորուած ենք արձագանգել այս ելոյթին:
Մենք կը փափաքինք յայտնել, որ հայրենադարձութիւնը երբեք չի կրնար սպասել երկրի «պատրաստ» ըլլալուն. եթէ պրն. Սինանեանի պատկերացումով հայրենիքէն ներս հաստատուելու տրամադրութիւն ունեցող մեր հայրենակիցները կը սպասեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դառնայ աշխարհի ամենազարգացած եւ ամենաապահով երկիրը եւ իրենք այն ատեն հոս հաստատուին հոս, ապա չարաչար կը սխալին: Իսկ եթէ պրն. Սինանեանն ինքը՛ հայրենիք վերադարձած էր, մտածելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր նոր իշխանութեամբ արդէն դրախտավայր դարձած է, դարձեա՛լ չարաչար սխալած էր: Աւելի՛ն. եթէ ան յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր պատրաստ չէ «զանգուածային հայրենադարձութեան», աս կը նշանակէ, որ ինք իր ստանձնած առաքելութեան մէջ ձախողութիւնը կ’ընդունի, ապա նաեւ իր մաս կազմած իշխանութեան ձախողութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտերկրի հայութեան առջեւ: Ան կ’ապացուցէ , որ Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն ընկալած հայրենադարձութեան գաղափարական էութիւնը:
Զանգուածային հայրենադարձութեան համար անհրաժեշտ է մէկ բան` յստակ, ընկալելի, համապարփակ եւ կարճ օրինական ծրագիր, որ պիտի կարգաւորէ հայրենադարձութեան գործընթացը: Նմանօրինակ օրէնքի մշակումէն պիտի խուսափին Հայաստանի ղեկավարութիւնը ստանձնած բոլոր իշխանութիւնները` անխտիր եւ դիմած են միմիայն ձեւական քայլերու, մինչդեռ հայրենադարձութիւնը Հայաստանի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող հարց է: Եթէ պրն. Սինանեան կարենայ ապահովել վերոնշեալ օրէնքի ընդունումը, ապա հայ ժողովուրդի տարբեր շերտեր իրե՛նք հայրենադարձութեան ալիքը պիտի բարձրացնեն ու գալով Հայաստան` իրենց աշխատանքով ու քրտինքով մասնակից պիտի դառնան Հայաստան երկրի եւ Հայաստան պետութեան կառուցման եւ զարգացման գործընթացներուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի
Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակ
1 Մայիս, 2020, Երեւան