Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2020-ին, պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն նախզգուշացման աշխատանքներու ծիրէն ներս, ՍԵՄ-ի «Շանթ» Մասնաճիւղի անդամները հականեխեցին Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու հայկական կառոյցները։
Անոնք հականեխեցին Գալատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ “Ռուբէն Տ. Մինասեան” սրահը։ Էքիզօլուքի Հայ Աւետարանական եկեղեցին, թաղերն ու Աղբիւրը։ Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռն ու աղբիւրի շրջակայքը։ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, “Սահակեան” սրահն ու դահլիճը։ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանը, Համալիրը, “Սարդարապատ” սրահը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կազդուրման կայանը։ Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, Հայ Աւետ. Նահատակաց վարժարանն ու սրահը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցին եւ վանքը։ Քեսապի Ժողովրդային տունը, ՀՄԸՄ- ի կեդրոնը եւ ակումբը։
Հականեխուեցան նաեւ Հրապարակին մայթերը եւ շրջակայքը գտնուող խանութները։