ՍԱՆԱ 6 Մայիսին, Սուրիոյ նահատակներուն օրուան արիթով հրապարակած է հետեւեալ յօդուածը.
Նահատակներն են, որ երկրին կը պարգեւեն դիմագիծ եւ կեանքին՝ իմաստ։ Անոնց սուրբ արիւնն է, որ դարերու ընթացքին ոսկիէ տառերով գրած է մեր պատմութեան ամէնէն փառապանծ էջերը։
Այսօր՝ սուրիացի նահատակներու ոգեկոչման 104-րդ տարելիցին, ամբողջ երկիրը կը վերյիշէ, թէ ինչպէ՛ս 6 Մայիս 1916-ին սուրիացի մտաւորականները իրենց վիզը պարզեցին օսմանցի դահիճին կանգնեցուցած կախաղաններուն Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ, բարձր պահելով իրենց գլուխները, հաստատուն կամքով բացագանչելով. «Ահա կը դիմաւորենք մահուան օրօրոցները, կը մեռնինք, որպէսզի մեր երկիրը արժանապատուութեամբ ապրի»։ Ինչո՞ւ այդպէս չկանչէին, երբ կախաղանները իրենց համար բարձրաբարձ կաղնիներ էին, իսկ անոնցմէ կախուած պարանները՝ լոյսի շողեր, որոնք կը լուսաւորէին զաւթիչին դէմ յաղթանակի ճամբան։
Նահատակները մեզի համար եղան հայրենասիրութեան եւ զոհողութեան մէկական իտէալներ։ Անոնք անվարան փութացին դէպի պատերազմի դաշտ, արձագանգելով հայրենիքի կանչին եւ իրենց կեանքով սատարելու մարդկային բարձր արժէքներու, ապահովութեան ու խաղաղութեան՝ հայրենիքի դրօշին ու անոր պայծառ երկնքին տակ։
Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած վերջին ահաբեկչական պատերազմին ընթացքին, աւելի քան ինը տարի շարունակ, սուրիացի քաջարի զինուորները իրենց կեանքը չխնայեցին, որպէսզի ապրի Սուրիական Հայրենիքը։ Անոնք լաւագոյն օրինակը դարձան հասատատակամութեան ու հաւատարմութեան, մինչեւ վերջին արիւնի կաթիլը պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ, որուն հովանաւորները հանդիսացան նոր օսմանցիները՝ Էրտողանի ղեկավարութեամբ, հաւատադրժողական գաղափարախօսութիւնն ու գաղութատիրական ախորժակներ փայփայող Արեւմուտքը։ Այս բոլորին առանցքը կը հանդիսանայ Պաղեստինը զաւթող սիոնիստական միտքը։ Անոնք միասնաբար ծնունդ տուին Սուրիան ոտնակոխել փորձող ահաբեկչութեան։
Արդարեւ, սուրիացիները ամէն տարի կ’ոգեկոչեն հայրենիքի համար նահատակուած 21 ղեկավարներուն յիշատակը։ Անոնցմէ 14-ը կախաղան բարձրացան Պէյրութի «ալ Պուրճ» հրապարակին, իսկ 7-ն՝ Դամասկոսի «ալ Մարճէ» հրապարակին վրայ։ Նահատակութեան սրբութիւնը կը վերանորոգուի ամէն օր, հայրենիքի անկախութեան ու արժանապատուութեան բագինին վրայ թափուած արիւնով։ Հայրենիքի հերոսներու փաղանգները, որոնք իրենց նախնիներուն օրինակով բռնեցին նահատակութեան ճամբան, մերժեցին հայրենիքը յանձնել ահաբեկիչներուն ու զանոնք հովանաւորողներուն, այսպիսով անոնք ջախջախեցին թշնամիին փայփայած երազները եւ լուսաւորեցին ապագայ սերունդներուն ճամբան։
Նահատակներուն զոհողութեամբ մենք հաղորդակից կը մնանք մեր պատմութեան խորհուրդներուն հետ, սկսեալ օսմանեան պարտութենէն, 20-րդ դարասկիզբին, մինչ ֆրանսական ուժերուն դէմ Մէյսալունի հերոսական ճակատամարտը, ապա 1946-ի անկախութիւնը, որոնք ենթահող հանդիսացան 1973-ի Հոկտեմբերեան յաղթանակին, Լիբանանի պաշտպանութեան եւ երկրիս մէջ արձանագրուած նորագոյն յաղթանակներուն՝ ահաբեկչութեան դէմ։ Պատմական այս անկիւնադարձային պահերուն, մեր նահատակներուն սուրբ արիւնը բարձրացաւ իբր յաղթանակի դրօշ ընդդէմ հաւատադրժողական, ահաբեկչական գաղափարաբանութեան, որ փորձեց Սուրիան քանդել։
Այսօր, ինչպէս միշտ, սուրիացիները համախմբուած են իրենց երկրի բանակին շուրջ, իրենց աչքերը յարած դէպի յաղթանակ, շուտով սկսելու համար վերանորոգման ու վերականգման աշխատանքները, որպէսզի ապագայ սերունդները Սուրիոյ երդիքին տակ ապրին մեր քաղաքակրթութեան վայել կեանք մը։